«ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ ԸՍԵԼԻՔ ՈՒ ԸՆԵԼԻՔ ՈՒՆԻ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻՆ՝ ԻՐ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ, ԵՒ ԱՅԴ ՄԷԿԸ ՊԷՏՔ Է ԿԱՏԱՐԷ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՄԲ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի թելադրութեամբ ու Քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ Երիտասարդական Բաժանմունքներուն կազմակերպութեամբ, Չորեքշաբթի, 14 Փետրուար 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի տաճար ընծայման տօնին առիթով, Անթիլիասի Մայրավանքին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Երիտասարդական պատարագ։

Երիտասարդներու հոծ բազմութեան ներկայութեան, Նորին Սրբութիւնը տուաւ իր հայրապետական պատգամը։ Ողջունելէ ետք երիտասարդներուն ներկայութիւնը, ան յայտնեց, որ այս հոգեպարար երեւոյթին դիմաց առաջին հերթին մեր երկնաւոր Հայրը Ինք կ՚ուրախանայ, երբ Իր տան մէջ տեսնէ Իր զաւակները։ Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետը անգամ մը եւս շեշտեց եկեղեցւոյ էութիւնը եւ ըսաւ, որ եկեղեցին եկեղեցի կը դառնայ իր ժողովուրդով։ Մենք եկեղեցի կու գանք Աստուծոյ ներկայութիւնը վայելելու ու հաղորդակցութեան մէջ մտնելու Անոր հետ։ Այս կ՚իրականանայ Ս. եւ Անմահ Պատարագով, նշեց ան։ Պատարագի ընթացքին Աստուած երկինքէն երկիր կ՚իջնէ, որպէսզի վեր բարձրացնէ մարդը։ Պատարագի ընդմէջէն մարդուն՝ երկիրէն երկինք բարձրացումը մեր եկեղեցւոյ հայրերը կը կոչեն «մարդուն աստուածացում»-ը՝ ոչ բառին բուն իմաստով, այլ՝ խորհրադնիշ Աստուծոյ էջքին ու մարդուն բարձրացման, բացատրեց Հայրապետը։

Արդարեւ, Նորին Սրբութիւնը իր գնահատանքը յայտնեց ի տես երիտասարդութեան գործօն մասնակցութեան ո՛չ միայն սոյն պատարագին, այլ ընդհանրապէս մեր եկեղեցական ու ազգային կեանքին մէջ, որ հետզհետէ կ՚աճի ու կը ծաւալի։ Վեհափառ Հայրապետը յատկապէս ընդգծեց, որ երիտասարդութիւնը պէտք է մերժէ լուսանցքի մէջ մնալը, ու ինք իր գործով ու պատասխանատուութեամբ անցնի մայր էջին վրայ։ «Սա զգացական արտայայտութիւն մը չէ, այլ իրողութիւն է։ Սա ձեւական մօտեցում չէ, այլ մեր ազգին ու եկեղեցւոյ իսկութիւնը կը կազմէ։ Ես չեմ կրնար երեւակայել եկեղեցի մը, մշակոյթ մը, ազգ մը, ընկերութիւն մը, համայնք մը, առանց երիտասարդութեան», նշեց ան ու աւելցուց. «Երիտասարդութիւնը ըսելիք ու ընելիք ունի եւ այդ մէկը պէտք է կատարէ պատասխանատուութեամբ, լրջութեամբ, հետեւողականութեամբ։ Ա՛յս է, որ մենք կը սպասենք մեր երիտասարդութենէն»։

Աւարտին, Նորին Սրբութիւնը իր աղօթքը բարձրացուց առ Աստուած եւ խնդրեց, որ Իր երկնային օրհնութեամբ, շնորհքներով ու պարգեւներով պարուրէ երիտասարդներուն կեանքը, որպէսզի Աստուծոյ ներկայութեամբ հզօրացած հաւատաւոր մասնակցութիւն բերեն եկեղեցւոյ ու ազգին կեանքին մէջ։

Պատարագէն ետք, երիտասարդները ուղղուեցան Կաթողիկոսարանին բակը, ուր տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն՝ պատրաստութեամբ Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին «Կապոյտ Հրեշտակներ»-ուն։ Սիրոյ սեղանը ընթացք առաւ տէրունական աղօթքով, որմէ ետք անոր շուրջ համախմբուած հոծ բազմութիւնը առիթ ունեցան իրար հետ եւ երիտաարդ միաբաններուն հետ զրուցելու։

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ
ԱՆԹԻԼԻԱՍ - ԼԻԲԱՆԱՆ