ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ Ի ՊԱՏԻՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՏԱՐ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԵՒ ՏԻԿՆՈՋ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ

Կիրակի, 21 Հոկտեմբեր 2018-ին, “Le Royal” պանդոկում պաշտօնական ճաշկերոյթ տեղի ունեցաւ ի յարգանս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի՝ իր ձեռնադրութեան 50-ամեակի առիթով։

Ճաշկերոյթի ընթացքին խօսք առաւ Ազգային Կենտրոնական Վարչութեան համա-ատենապետ՝ Գրիգոր Մահսերեճեան. կարդացւեց Արցախի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ՝ Տիար Բակօ Սահակեանի ուղերձը եւ ապա յաջորդաբար խօսք առին վարչապետի պաշտօնակատար Տիար Նիկոլ Փաշինեանն ու Նորին Սրբութիւնը։

Մահսերեճեան արտասանելով բացման խօսքն ասաց, որ Նորին Սրբութեան նկարագիրին գերակշիռ յատկութիւններից են համահայկական մտածողութիւնն ու աշխատանքի մղող նկարագիրը, ինչպէս նաեւ եկեղեցու պատերից այն կողմ տանելու յանձնառութիւնը։

Տիար Պետօ Տէմիրճեանն ընթերցեց Նախագահ Բակօ Սահակեանի ուղերձը, ուր նա կը նշէ, որ Նորին Սրբութեան ձեռնադրութեան եւ օծման յիսնամեակը նշանակալից իրադարձութիւն է ոչ միայն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համար, այլ նաեւ Հայ Առաքելական եկեղեցու, հայրենիքի եւ Սփիւռքի բազմաթիւ օջախների համար։ Իր եւ Արցախի ժողովուրդի ու իշխանութեան շնորհաւորանքը յայտնելուց յետոյ, նախագահ Սահակեանը կ՚ընդգծէ, որ Արցախը բարձր կը գնահատէ Նորին Սրբութիւնը եւ նրա գործունէութիւնը որպէս Կաթողիկոս, հոգեւորական, հասարակական գործիչ եւ հայրենանւէր մարդ:

Ապա, բեմ բարձրացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետի պաշտօնակատար՝ Տիար Նիկոլ Փաշինեանը, որ շնորհաւորեց Վեհափառ Հայրապետի ձեռնադրութեան 50-ամեակը՝ մաղթելով քաջառողջութիւն եւ արեւշատութիւն։ Փաշինեանն ընդգծեց Նորին Սրբութեան ծառայասիրութիւնը եւ ասաց, որ 50 տարւայ հոգեւոր ծառայութիւնը գործնականացւցած է «զրուցելով» Աստուծոյ եւ ժողովուրդի հետ, եւ բնական է, որ նման մի նւիրական անհատ վայելի համատարած վստահութիւն ու յարգանք թէ՛ ազգային եւ թէ՛ միջազգային մակարդակների վրայ։

Աւարտին, իր խօսքը ուղղեց Նորին Սրբութիւնը, որ առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց իր ձեռնադրութեան համար կազմակերպւած երեկոյին ու ջերմ շնորհաւորանքների համար։ Հայրապետը ընդգծեց, որ մեր կեանքի իմաստն ու նպատակը չի կարող լինել այլ բան քան ծառայութիւնը. նա ասաց, որ իր 50-ամեայ հոգեւորական կեանքում՝ ազդւելով իր նախորդ երեք Կաթողիկոսներին եւ լինելով նրանց անջնջելի հետքերով կազմաւորւած, կը մատուցէ իր ծառայութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետն իր խօսքն ուղղելով վարչապետի պաշտօնակատարին, ընդգծեց, որ թաւշեայ յեղափոխութեան առաջին օրերին իսկ կապ հաստատելով Փաշինեանի հետ շեշտել էր յեղափոխութեան հանգուցալուծման առաջնորդող յեղափոխութիւն լինելու կարեւորութիւնը, որ հետապնդում է մէկ նպատակ՝ Հայաստանի հզօրացում։ Անդրադառնալով Սփիւռքին, Հայրապետն ասաց, որ հարկադրաբար Հայաստանից հեռու ապրած է Սփիւռքը, տագնապած է նրա ցաւերով եւ ուրախացած նրա վերանկախացումը տեսնելով, սակայն մեր ժողովուրդը ոչ միայն կ՚ուզէ տեսնել անկախացած Հայաստանը, այլ՝ Հայաստանը կ՚ուզէ տեսնել Արարատո՛վ։

«Այս հանգրւանին, պէտք է հզօրացնենք Հայաստանն ի խնդիր Մեծ Հայաստանի։ Զօրացնենք Սփիւռքը, որպէսզի Հայաստանն աւելի հզօրանայ։ Հայաստանը հզօրացնենք, որպէսզի Սփիւռք-Հայաստան-Արցախ եռամիութիւնը փոխադարձ հասկացողութեամբ, ամբողջական համագործակցութեամբ, դերերի յստակեցումով, աշխատանքի բաժանումով, սակայն մէկ ազգի, մէկ հայրենիքի եւ մէկ ապագայի տեսլականով քայլենք դէպի ժողովուրդի պայծառ ապագայ։ Հետեւաբար, իմ սպասումս է, որ Հայաստանի մէջ մեր ժողովուրդի մասնակցութեամբ յառաջացած թաւշեայ յեղափոխութիւնն այս գիտակցութեամբ ու հաւատքով հզօրացնէ մեր հայրենիքը։ Կը վստահեցնեմ ձեզ, թէ Սփիւռքը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ձեզի հետ է, Հայաստանի հետ է, Արցախի հետ է», իր խօսքը եզրափակեց Նորին Սրբութիւնը։

Նշենք, որ Գերշ. Տ. Նաթան Արք. Յովհաննէսեան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Կաթողիկոսութեան անունով Նորին Սրբութեան նւիրեց մի յուշանւէր՝ Ս. Էջմիածնի ոսկեձոյլ խաչի մանրակերտը, իսկ Վեհափառ Հայրապետը Նիկոլ Փաշինեանին նւիրեց Բարձր Բերդի ձեռագիր աւետարանի կրկնօրինակը։

Յայտնենք, որ ճաշկերոյթից առաջ, վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանն այցելեց Անթիլիասի Մայրավանքի եւ ծաղկեպսակ մատուցեց Սրբոց Նահատակաց յուշարձանի առջեւ, ներկայութեամբ Վեհափառ Հայրապետի եւ Միաբանութեան։

Ճաշկերոյթի աւարտին թեմիս առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգսեանն առանձին զրոյց ունեցաւ վարչապետի պաշտօնավար՝ Նիկոլ Փաշինեանի հետ, որ յիշեց Թեհրան իր այցելութիւնն ու ազգային առաջնորդարանում իր հանդիպումը առաջնորդ սրբազանի հետ: