Լեզու | زبان

Search

Կապ մեզ հետ

خیابان استاد نجات الهی، شماره 295
تهران 1598873311

No.295, Ostad Nejatollahi Ave.,
Tehran - IRAN

Tel: (+98-21) 88901634, 88901635,
88901636, 88897980, 88897981

Fax: (+98-21) 88892617

info@tehranprelacy.com


Թ. Հ. Թեմի Յարաբերական Մարմնի հետ կապւելու համար՝
pr@tehranprelacy.com



«Պատմութիւնից ժառանգւած բարեկամութիւնը վերանորոգ ոգով պիտի շարունակւի»

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա կաթողիկոսը շնորհաւորական ուղերձ է յղել Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Մասուդ Փեզեշքիանին՝ ընտրութիւններում տարած յաղթանակի կապակցութեամբ:

«Երկուշաբթի՝ 8 յուլիսի 2024-ին, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Մասուդ Փեզեշքիանին ուղղած իր յատուկ նամակով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, թեմերուն եւ յատկապէս Իրանի հայութեան, ջերմօրէն շնորհաւորեց անոր ընտրութիւնը՝ որպէս նախագահ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան:

Իր նամակին մէջ Վեհափառ Հայրապետը անդրադառնալով հայ եւ պարսիկ ժողովուրդներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու Իրանի պատմական յարաբերութեան եւ բարի դրացնութեան, յոյս կը յայտնէ, որ պատմութենէն ժառանգւած բարեկամութիւնն ու գործակցութիւնը վերանորոգ ոգիով պիտի շարունակւի՝ յատկապէս ներկայ ժամանակներու մարտահրաւէրներու լոյսին տակ: Նորին Սրբութիւնը խօսելով Իրանի հայութեան մասին՝ կը յիշեցնէ, թէ ան անբաժան մասը կը կազմէ իրանեան ընկերութեան եւ անոր ներկայութիւնը երկրէն ներս պատմական հարուստ խորք ունի. եւ Իրանի հայութիւնը, ինչպէս անցեալին, այսօր եւս կը շարունակէ իր մասնակցութիւնը բերել երկրին առաւել զարգացման՝ զանազան բնագաւառներէն ներս: Նամակին մէջ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ կը յիշէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Իրանի Մշակութային կենտրոնին ու Կրօնական երկխօսութեանց բաժանմունքին հետ շարունակւող երկխօսութեան կարեւորութիւնը՝ ի խնդիր ներկայ ժամանակները յուզող ընկերաբարոյական հարցերու քննարկման:

Վերջապէս, Նորին Ս. Օծութիւնը ողջունելով Մասուդ Փեզեշքիանին նախագահ ընտրութիւնը՝ կը մաղթէ, որ անոր բոլոր ծրագիրները ու յոյսերը իրականանան»,- նշւած է կաթողիկոսութեան մամլոյ ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ։

Հայկական անձնանուններ

Հայ ազգի արժանիքներին լաւածանօթ և նրա արժէքներով հպարտ հայ ծնողի համար մեծ նշանակութիւն ունի իր գալիք սերնդի հայապահպանման գործընթացը, մասնաւորաբար սփիւռքեան պայմաններում:
Ուստի, այս ուղղութեամբ նորամանկան սպասող ընտանիքներին օժանդակելու նպատակով է, որ օգտւելով հայկական եւ եւրոպական տարբեր աղբիւրներից, Թեհրանի Ազգային Առաջնորդարանի կայքէջի վրայ է տեղադրւում Հայկական անձնանունների ցանկը:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՁՆԱՆՈՒՆՆԵՐ