Լեզու | زبان

Search

Կապ մեզ հետ

خیابان استاد نجات الهی، شماره 295
تهران 1598873311

No.295, Ostad Nejatollahi Ave.,
Tehran - IRAN

Tel: (+98-21) 88901634, 88901635,
88901636, 88897980, 88897981

Fax: (+98-21) 88892617

info@tehranprelacy.com


Թ. Հ. Թեմի Յարաբերական Մարմնի հետ կապւելու համար՝
pr@tehranprelacy.com



ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ 11-ՐԴ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) 11-րդ համաժողովը կայացաւ 31 Օգոստոսէն մինչեւ 8 Սեպտեմբեր 2022-ին, Գերմանիոյ Քարլսրու քաղաքին մէջ, մասնակցութեամբ Խորհուրդի անդամ աւելի քան 350 եկեղեցիներու շուրջ 4000 պատուիրակներու։ Համաժողովը կը կրէր «Քրիստոսի Սէրը Աշխարհը Կը Մղէ Հաշտութեան Եւ Միասնութեան» խորագիրը։

Օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատուիրակութիւնը համաժողովին իր գորօն մասնակցութիւնը բերաւ 12 պատուիրակներով.- Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան, Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, Գերշ. Տ. Գեղամ. Արք. Խաչերեան, Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, Գերշ. Տ. Մասիս Եպս. Զօպուեան, Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան, փրոֆ. Թենի Փիրի-Սիմոնեան, Սեդա Խըտըշեան, Դոկտ. Նորա Գապագեան-Պայրագտարեան, Վանա Կիտցինեան, Թամար Գանարեան եւ Արազ Գոճայեան։ Յիշենք, որ Գարլա Խիժոյեան (Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան նախկին անդամ) կը շարունակէ վարել Ե.Հ.Խ.ին մէջ Միջին Արեւելքի բաժինի պատասխանատուի իր պաշտօնը։

Ե.Հ.Խ.ի Համաժողովը գերագոյն ժողովն է Խորհուրդին, որ իւրաքանչիւր 8 տարին անգամ մը կը գումարէ իր նիստերը։ Վերջին համաժողովը տեղի ունեցաւ 2013 թուականին, Պուսանի մէջ, Հարաւային Քորէա, եւ թագաժահրի համաճարակին պատճառով 11-րդ համաժողովը տարուան մը ուշացումով գումարուեցաւ այս տարի, Գերմանիոյ եկեղեցիներու միասնական հրաւէրով։

Մասնակիցները, պատգամաւորնեը, ներկայացուցիչները, երիտասարդները, ուսանողները, հիւրերը եւ դիտորդները համաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին զանազան լիակատար նիստերու, միջ-եկեղեցական զրոյցներու, պաշտամունքներու, վարժանիստերու եւ դաւանական ու տարածաշրջանային ժողովներու։ Համաժողովի ընթացքին արծարծուեցաւ ու վաւերացուեցաւ նորընտիր Կեդրոնական Վարչութեան մանտաթը, ինչպէս նաեւ ընտրուեցաւ նոր Կեդրոնական Վարչութիւնը։

Համաժողովի լիակատար նիստերու ընթացքին թէ՛ յանձնախումբերու ժողովներուն մէջ մեր Ս. Աթոռին պատուիրակութիւնը պարզեց հայ եկեղեցւոյ ու ազգին արդար պահանջները։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատուիրակութեան անդամները մաս կազմեցին հետեւեալ յանձնախումբերուն.- Հանրային Հարցերու (դոկտ. Ն. Գապագեան-Պայրագտարեան, դիւանի անդամ), Թեկնածութեան (Թ. Գանարեան), Ծրագիրի Ուղեցոյցի (փրոֆ. Թ. Փիրրի-Սիմոնեան), Տնտեսութեան (Ս. Խտըշեան) եւ Պատգամի (հայր Հրանդ)։ Նշենք, որ հայր Հրանդ կրօնքի եւ հաւատքի ազատութեան վերաբերեալ միջ-եկեղեցական նիստին ատենապետութիւնը վարեց. նիստին կողմէ յառաջացած տեղեկագիրը Ե.Հ.Խ.ի յառաջիկայ ութ տարուան ուղեցոյցին մաս պիտի կազմէ։

Կարեւորութեան հարկ է նշել, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, որ երկու յաջորդական ընտրաշրջանի համար ատենապետած է Ե.Հ.Խ.ի Կեդրոնական ու Գործադիր Վարչութիւնները, միաձայնութեամբ ընտրուեցաւ Կեդրոնական Վարչութեան նախագահներէն մէկը՝ ներկայացնելով Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիները եւ Միջին Արեւելքը։

Աւելին, Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան ընտրուեցան Ե.Հ.Խ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ։

Յատկանշական է, որ մեր պատուիրակութեան անդամներէն եւ Հանրային Հարցերու Յանձնախումբի դիւանի անդամ դոկտ. Գապագեան-Պայրագտարեանի ջանքերով եւ խորհրդակցաբար Վեհափառ Հայրապետին, համաժողովը որդեգրեց Արցախի հարցին վերաբերալ բանաձեւ։ Բանաձեւին մէջ, որ արդէն իսկ հրապարակուեցաւ, համաժողովը բարձրացուց հայ ռազմագերիներու վերարաձի հարցը, հայկական կրօնական ու մշակութային վայրերու եւ կոթողներու աւերման ու բնաջնջման խնդիրը, կոչ ուղղեց ԵՈՒՆԵՍՔՕին եւ միջազգային ընտնաիքին պատշաճ միջոցներ որդեգրելու պաշտպանելու եւ պահպանելու համար զանոնք, ինչպէս նաեւ՝ Ե.Ա.Հ.Կ.ի Միսնքի խմբակին, որպէսզի յանձնառու ըլլայ քայլեր առնելու Արցախի հակամարտութեան արդար եւ խաղաղ լուծման։

www.armenianorthodoxchurch.org

 

ՏՕՆԵՐ

Կրօնական Տօների Օրացոյց


Կիրակի 24 Մարտի 2024;
Ծաղկազարդ

Երկուշաբթի 25 Մարտի 2024;
Աւագ երկուշաբթի

Երեքշաբթի 26 Մարտի 2024;
Աւագ երեքշաբթի

Չորեքշաբթի 27 Մարտի 2024;
Աւագ չորեքշաբթի

Հինգշաբթի 28 Մարտի 2024;
Աւագ հինգշաբթի

Ուրբաթ 29 Մարտի 2024;
Աւագ ուրբաթ

Շաբաթ 30 Մարտի 2024;
Ճրագալոյց

Կիրակի 31 Մարտի 2024;
Սուրբ Յարութիւն կամ Զատիկ

Կիրակի 07 Ապրիլի 2024;
Կրկնազատիկ եւ Աւետումն Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստւածածնի

Կիրակի 14 Ապրիլի 2024;
Կանաչ կամ Աշխարհամատրան Կիրակի

ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ

Հայկական անձնանուններ

Հայ ազգի արժանիքներին լաւածանօթ և նրա արժէքներով հպարտ հայ ծնողի համար մեծ նշանակութիւն ունի իր գալիք սերնդի հայապահպանման գործընթացը, մասնաւորաբար սփիւռքեան պայմաններում:
Ուստի, այս ուղղութեամբ նորամանկան սպասող ընտանիքներին օժանդակելու նպատակով է, որ օգտւելով հայկական եւ եւրոպական տարբեր աղբիւրներից, Թեհրանի Ազգային Առաջնորդարանի կայքէջի վրայ է տեղադրւում Հայկական անձնանունների ցանկը:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՁՆԱՆՈՒՆՆԵՐ