Լեզու | زبان

Search

Կապ մեզ հետ

خیابان استاد نجات الهی، شماره 295
تهران 1598873311

No.295, Ostad Nejatollahi Ave.,
Tehran - IRAN

Tel: (+98-21) 88901634, 88901635,
88901636, 88897980, 88897981

Fax: (+98-21) 88892617

info@tehranprelacy.com


Թ. Հ. Թեմի Յարաբերական Մարմնի հետ կապւելու համար՝
pr@tehranprelacy.com



Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ ԱՐՑԱԽԻ ՆԵՐԿԱՅ ՃԳՆԱԺԱՄԱՅԻՆ ԻՐԱՎԻՃԱԿԻՆ ՄԱՍԻՆ

«Արցախի փրկութիւնը՝
համահայկական առաջնահերթութիւն»
— Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ —

Խոր մտահոգութեամբ կը հետեւինք Արցախի պարզած ներկայ ճգնաժամային կացութեան։ Շրջափակումի են¬թարկուած Արցախէն ներս մեր ազգին զաւակները սովամահ ըլլալու անմիջական վտանգին ենթակայ են։ Մեր ժողովուրդի հոծ բազմութեան ներկայութեան, կ՚ուզենք բարձ¬րագոյն աստիճանի կարեւորութեամբ անդրադառնալ համայն մեր ազգը յուզող ու տագնապեցնող Արցախի հարցին, Հայրապետական Մեր պատգամը ուղղելով հինգ հասցէներու.-


• Մեր Առաջին պատգամը ուղղուած է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ։ Կʼանդրադառնա՞յ արդեօք, թէ իր որդեգրած մօտեցումները Արցախը կրնան ջնջել հայ կեանքի քարտէսէն, ցեղասպանութեան մատնել 120 հազար հայորդիները, միաժամանակ վտան¬գելով նաեւ Հայաստանի ապագան։ Ինչպէ՞ս կարելի է Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը ճանչնալու խոստումներ կատարել, առանց ապահովելու իր անվտանգութիւնն ու ինքնուրոյնութիւնը երաշխաւորող Արցախի ինքնորոշման արդար իրաւունքը։ Ինչպէ՞ս կարելի է շրջանէն ներս, այսպէս կոչուած, ամբողջական խաղաղութեան հաստատման ի խնդիր պատրաստ ըլլալ յանձնառութիւններ կատարելու, երբ նման մօտեցում կրնայ վտանգել ո՛չ միայն Արցախին, այլ նաեւ Հայաստանի ամբողջականութիւնը, եւ նոյնիսկ՝ գոյու¬թիւնը։ Հայաստանն ու Արցախը շրջապատող ներկայ վտան¬գալից պայմաններուն մէջ, եւ աշխարհաքաղաքական նոր զարգա¬ցումներու լոյսին տակ, առաջին, անհրաժեշտ է, որ Հայաս¬տանը բարեկամութեան ու ենթակայութեան, իր շահե¬րուն եւ ուրիշներու շահերուն սահմանները յստակօրէն զատորոշող դիրքորոշումներ որդեգրէ եւ աչալուրջ ըլլայ Հա¬յաս¬տանը վերածելու Արեւելքի եւ Արեւմուտքի լարուածու¬թեան հարթա¬կի, որուն հետեւանքները կրնան ծանր ըլլալ Հայաստանի համար։ Երկրորդ, Ազրպէյճանի հետ բանակցութիւններու ընթացքին հարկ է, որ Հայաստանը դուրս գայ պարտուած ըլլալու հոգեվիճակէն եւ սոսկ զիջումներ կա¬տարելու կացու¬թենէն։ Եւ աւելին, Հայաստանը պէտք է առ¬կախէ բոլոր բանակցութիւնները Ազրպէյճանի հետ, մինչեւ որ վերջ գտնէ Արցախի շրջափակումը Ազրպէյճանի կողմէ։ Հարկ է շարունակ յիշեցնել բոլորին, որ մար¬դասիրական աղէտ ստեղծելով քաղաքական շահեր հետա¬պնդելը համա¬մարդկային ոճիր է, եւ՝ հակառակ՝ միջազգային օրէնքին։ Երրորդ, ճիշդ է, որ հարկ է խուսափիլ նոր պատե¬րազմէն. սակայն, այս չի նշանակեր տեղի տալ Ազրպէյճանի տակաւ բազմացող պահանջներուն։ Անհրաժեշտ է որդեգրել ճկուն, բայց մարտունակ գործելաոճ, միշտ մեկնելով պատմականօ¬րէն հաստատուած եւ միջազգային ճանաչում ստա¬ցած Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար կարգավիճակէն։ Այլ խօս¬քով, պէտք է մերժել որեւէ մօտեցում, որ Արցախը կը նկատէ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան անբաժան մասը։ Հետեւաբար, կ՚ուզենք կարեւորութեամբ շեշտել, թէ շրջափա¬կումին կարելի փութով վերջ տալը եւ Արցախի ինքնորոշման կարգավիճակը առաւել շեշտաւորումով միջազ¬գային հարթակ բերելը, պէտք է կիզակէտը դառնան Հայաս-տանի իշխանու¬թեան արտաքին քաղաքականութեան։ Այս համահայկական հրամայականին լոյսին տակ եւ ներկայ ճակատագրական պայմաններուն մէջ, որպէսզի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս, Մեր առաջարկն է, որ իշխանութեան, ընդդիմութեան ու Սփիւռքի ներկայացու¬ցիչներէ բաղկացած քաղաքական ու դիւանագիտական հարուստ փորձառութիւն ունեցող մարմին մը, իր ետին ունենալով մեր ողջ ժողովուր¬դին նեցուկն ու վստահութիւնը, ամբողջական պատասխանատուութիւնը ստանձնէ, մեր պատմութեան այս ճակատագրական շրջանին, վարելու Ազրպէյճանի հետ տարուող բանակցութիւնները, բնականա¬բար՝ նոր ոճով ու նոր մօտեցումով։

• Մեր երկրորդ պատգամը ուղղուած է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ։ Մեզի համար տարօրինակ է, Արցախի ժողովուրդին պարզած ներկայ ողբերգական կացութեան դիմաց Հայաստանի ժողովուրդին լռութիւնը, աւելի ճիշդ՝ անտարբերութիւնը։ Մեր եղբայրներն ու քոյրերը եւ մեր երեխաները, սովամահ ըլլալու վիճակին մէջ կը գտնուին. դուք ի՞նչ կʼընէք. փողոց իջէք, ինչի՞ կը սպասէք. աշխարհը մեզ կը դիտէ. ժողովուրդին ձայնը գերիվեր է բոլոր տեսակի ձայներէն ու տեսակէտներէն։ Ձեր ժամանակը մի՛ վատնէք ապառողջ քննադատութիւններով, փոխադարձ մեղադրանք¬ներով, բաց¬ուած ճեղքերը աւելի խորացնելով։ Ոտքի ելէ՛ք, արդարութիւն պահանջեցէ՛ք աշխարհէն։ Հայաստանի մէջ կեանքը չի կրնար բնական ըլլալ, երբ անդին ծայրայեղօրէն անբնական է կեանքը Արցախի մէջ։ Մեր ազգին միասնա¬կանութիւնը ու հաւաքա¬կան վճռակամութիւնը ցոյց տուէք գործնապէս՝ ձեր դիմաց կանգնած արիւնարբու ազերիին։

• Մեր երրորդ պատգամը ուղղուած է ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ։ Երբ 1915-ին ծրագրուած կերպով Օսմանեան կայսրութեան սահմաններէն ներս Ցեղասպանութիւն կը կատարուէր հայ ժողովուրդին դէմ, ըսինք ու միշտ պիտի ըսենք՝ ո՞ւր էր միջազգային համայնքը։ Ցեղասպանութեան վտանգին ենթակայ Արցախին դիմաց նո՛յնը կը կրկնենք այսօր. ո՞ւր է միջազ¬գային համայնքը։ Ազրպէյճանը կը շարունակէ խախտել իր ստորագրած համաձայնագրին պայմանները, ու նոյնիսկ ազատօրէն մուտք կը գործէ Հայաստանի սահմաններէն ներս. ո՞ւր է միջազգային համայնքը։ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը, Եւրոպական Խորհուրդը, միջազգային իրաւական կառոյցները կը պահանջեն անյապաղ կերպով Արցախի շուտափոյթ ապաշրջա¬փակումը. սակայն, Ազրպէյճան կը մնայ խուլ՝ անտեսելով միջազգային օրէնքի հիմնական սկզբունքները։ Ազրպէյճանի անպատժելիութեան գինը փաստօրէն կը վճարեն Արցախն ու Հայաստանը։ Ճիշդ է, կարգ մը բարեկամ երկիրներ իրենց հա¬մակրանքը ու զօրակցութիւնը յայտնեցին, ոմանք նոյնիսկ մարդասիրական օժանդակութիւն կատարեցին Արցախին։ Ջերմ շնորհակալութիւն բոլորին։ Սակայն հաց եւ դեղ ղրկելով Արցախ, ստեղծուած տագնապը չի լուծուիր. մարդասիրական ճիգերէն անդին, հրամայական է Արցախին անվտանգութիւնը ապահովել՝ ինքնորոշման իրա¬ւունքը ճանչնալով։ Հետեւաբար, Մեր սպասումն է, որ յատ¬կապէս մեծ պետութիւններ դիմեն գործնական քայլերու, առաջին հերթին ստիպելով Ազրպէյճանին, որ վերջ տայ Արցախի շրջափակումին եւ ապա քաղաքական բանակցու¬թիւններու ճամբով ճանչնան Արցախի ինքնորոշումը՝ միջազ¬գային հովանաւորութեան ներքեւ։

• Մեր չորրորդ պատգամը ուղղուած է ՍՓԻՒՌՔԻՆ։ Սփիւռքը միշտ գործնապէս եղած է Արցախի կողքին՝ տնտեսական, բարեսիրական, քաղաքական ու քարոզչական հսկայ ներդրում կատարելով ի խնդիր Արցախի հզօրացման ու զարգացման։ Սփիւռքին կողմէ ցարդ կատարուած զօրակ¬ցութիւնը անհրաժեշտ է, որ աւելի լայն ծաւալ ստանայ։ Արցախը կ՚ուղղուի դէպի կործանում։ Արցախը առանձին պէտք չէ ձգել։ Իւրաքանչիւր հայ եւ ողջ հայութիւնը նուիրական պարտաւորութիւն ունի Արցախին նկատմամբ։ Արցախի փրկութիւնը համահայկական առաջնահերթութիւն է։ Սփիւռքը, իր աշխատանքը ներդաշնակելով Արցախի իշխանութեան հետ, կոչուած է դիմելու այնպիսի ազդու միջոցներու, որոնք կարենան Արցախի ներքին ուժականութիւնը ամրապնդել եւ արտաքին աշխարհէն ներս Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման անյետաձգելի հրամայականը շեշտել։ Այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ է, առաջին հերթին, Սփիւռքի մարդուժը ու ներուժը համախմբել. երկրորդ, աշխա¬տանքային յստակ օրակարգ կազմել ու թիրախներ ճշդել. եւ երրորդ, տեղեկատուական մարզէն ներս ծրագրուած լայնա¬ծաւալ քարոզչութիւն կատարել՝ արաբական, իսլամական, եւրոպական, ամերիկեան, ինչպէս նաեւ միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական շրջանակներէն ներս, համապատասխան մօտեցումներով եւ շեշտաւորումներով։

• Հայրապետական մեր վերջին պատգամը ուղղուած է ԱՐՑԱԽԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ։ Սիրելի Արցախի հայութիւն, Արցախը պարտուած չէ, յաղթական է Արցախը ու պիտի մնայ յաղթական՝ այնքան ատեն, որ ձեր կեանքը շաղախուած է ամուր հաւատքով, կռանուած՝ անխորտակելի կամքով ու թրծուած՝ պայծառ ապագայի տեսլականով։ Դուք առանձին չէք, Արցախի հայութիւն. ողջ հայութիւնը ձեզի հետ է. իւրաքանչիւր հայ, ուր որ ալ գտնուի, արցախցի է, բառին ամբողջական իմաստով։ Իր պատմութեան դաժան պայմաններուն մէջ գոյատեւած եւ իր հայրենի հողը նահատակներու արիւնով, սուրբերու աղօթքով, հոգեմտաւոր ստեղծագործութեամբ եւ հայկական աւանդու¬թիւն¬ներով, ապրումներով ու արժէքներով սրբագործած Արցախը պիտի մնայ հայկական, ինչ ալ ըլլան զինք շրջա¬պատող տագնապները։ Ժողովուրդ մը կը կորսուի պատմու¬թեան փոշիին տակ, երբ կը նահանջէ տագնապներուն դիմաց, երբ կը կորսնցնէ իր վճռականութիւնը իր իրաւունքներուն նկատմամբ։ Արցախը, իր ժողովուրդով, իր իշխանութեամբ ու իր բանակով, փաստած է, թէ կը մնայ ամրօրէն կառչած իր արդար իրաւունքներուն։

Արցախի ժողովուրդը Խորհրդարանին ճամբով արտա¬յայտած է իր հաւաքական կամքը՝ «ճանաչում յանուն փրկութեան»։ Արդար պահանջք մը, որ իրաւական հիմք ունի եւ կը համապատասխանէ պատմական իրողութեան ու միջազգային օրէնքին։ Սա պահուն, Մենք եւս Մեր ձայնը միացնելով Արցախի Խորհրդարանին, կը յայտարարենք, թէ «խորապէս համոզուած ենք, որ վերահաս ողբերգութիւնը կանխելու միակ միջոցը Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչումն է՝ ՃԱՆԱՉՈՒՄ ՅԱՆՈՒՆ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ սկզբունքի հիման վրայ»։ Արցախին դիմաց այլ ճանապարհ չկայ։ Եկէ՛ք, ժողովուրդ հայոց, միասնաբար եւ արիաբար քալենք այս ճամբէն։

Բի՜ւր պատիւ ու յարգանք Արցախի մեր սիրելի ժողո¬վուրդին։

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ

Առօրեայ Աստւածաշնչեան ընթերցումներ




Երկուշաբթի 14 Հոկտեմբերի 2024;
Տօն՝ Գիւտ նշխարաց Սրբոյն Գրիգորիսի Աղուանից կաթողիկոսին, եւ սրբոց հարցն` Թաթլոյ, Վարոսի, Թումասու, Անտօնի, Կրօնիդեայ եւ եօթն խոտաճարակացն, որք յԻննակնեայ վանսն կատարեցան

Երեքշաբթի 15 Հոկտեմբերի 2024;
Սրբոց առաքելոցն` Անանիայի, Մատթէի, Բառնաբայ, Փիլիպպոսի, Յովհաննու, Շիղայի եւ Սիւղիանոսի

Չորեքշաբթի 16 Հոկտեմբերի 2024;
Պահք ԳԱՂԱՏԱՑԻՆԵՐԻՆ 2.11-20։ ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍՒ 13.14-23։

Հինգշաբթի 17 Հոկտեմբերի 2024;
Սրբոցն Դիոնէսիոսի Արիսպագացւոյն եւ առաքելոցն Տիմոթէոսի եւ Տիտոսի

Ուրբաթ 18 Հոկտեմբերի 2024;
Գաղատացիներ 2.20-3.12։ ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍՒ 13.24-37։

Շաբաթ 19 Հոկտեմբերի 2024;
Սրբոց աւետարանչացն` Մատթէոսի, Մարկոսի, Ղուկասու եւ Յովհաննու

Կիրակի 20 Հոկտեմբերի 2024;
Զ Կիրակի զկնի Խաչի Եսայի 20.2-21.6։ Գաղատացիներ 4.3-18։ ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 4.14-23։

Երկուշաբթի 21 Հոկտեմբերի 2024;
Սրբոցն Ղունկիանոսի հարիւրապետին, որ հաւատաց ի խաչելութիւնն Քրիստոսի եւ Յովսեփայ Աստուածահօրն, Յովսեփայ Արեմաթացւոյն եւ բարեկամին Քրիստոսի Ղազարու եւ քերցն նորա Մարթայի եւ Մարիամու

Երեքշաբթի 22 Հոկտեմբերի 2024;
Սրբոցն Թէոդիտոնի քահանային, Զենոնի զինաւորին, Մակարայ, Եւ դոքսեայ եւ Ռամելայ

Չորեքշաբթի 23 Հոկտեմբերի 2024;
Գաղատացիներ 4.19-5.1։ ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 4.31-41։

Հայկական անձնանուններ

Հայ ազգի արժանիքներին լաւածանօթ և նրա արժէքներով հպարտ հայ ծնողի համար մեծ նշանակութիւն ունի իր գալիք սերնդի հայապահպանման գործընթացը, մասնաւորաբար սփիւռքեան պայմաններում:
Ուստի, այս ուղղութեամբ նորամանկան սպասող ընտանիքներին օժանդակելու նպատակով է, որ օգտւելով հայկական եւ եւրոպական տարբեր աղբիւրներից, Թեհրանի Ազգային Առաջնորդարանի կայքէջի վրայ է տեղադրւում Հայկական անձնանունների ցանկը:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՁՆԱՆՈՒՆՆԵՐ