Լեզու | زبان

Search

Կապ մեզ հետ

خیابان استاد نجات الهی، شماره 295
تهران 1598873311

No.295, Ostad Nejatollahi Ave.,
Tehran - IRAN

Tel: (+98-21) 88901634, 88901635,
88901636, 88897980, 88897981

Fax: (+98-21) 88892617

info@tehranprelacy.com


Թ. Հ. Թեմի Յարաբերական Մարմնի հետ կապւելու համար՝
pr@tehranprelacy.com



Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՊԱՏԳԱՄԸ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱՆԿԱԽԱՑՄԱՆ 34 ԱՄԵԱԿԻ ԱՌԻԹՈՎ

«Որեւէ ազգի համար իր անկախութիւնը սրբազան արժէք է ու իրաւունք եւ միաժամանակ անոր առողջ ու հզօր պահպանումը նւիրական պարտաւորութիւն է։ Այսպէ՛ս եղած է միշտ մեր ժողովուրդին համար, երբ իր անկախութիւնը պատմութեան ամենէն դշխեմ պայմաններուն մէջ վերահաստատած է։ Այսպէ՛ս եղած է նաեւ Մայիս 28-ով յատկանշւող Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերակերտումը։ Անկախութիւնը ծով զոհողութեամբ ու հաւաքական յանձնառութեամբ, ի պահանջել հարկին նաեւ արեան վկայութեամբ կը կերտւի։

Մայիս 28-ի անկախութիւնը տասնամեակներ շարունակ մեր ժողովուրդին համար չեղաւ սոսկ անցեալի յուշ, այլ եղաւ մնայուն յուշարար ու ամէնօրեայ տագնապ, եռագոյնով դարձեալ ունենալու ազատ, անկախ ու ամբողջական Հայաստան՝ ամբողջական հայութեամբ։ Հազար փա՜ռք Աստուծոյ եւ պատիւ մեր ժողովուրդին, որ 21 Սեպտեմբեր 1991-ին դարձեալ ունեցանք ազատ ու անկախ Հայաստան։

Ճի՛շտ է, այսօր Հայաստանը կը դիմագրաւէ տագնապներ ու մարտահրաւէրներ՝ ներքին թէ արտաքին։ Ճի՛շտ է, այսօր Հայաստանը այն չէ ինչ որ մեր երազին պատկերով տասնամեակներ շարունակ ուզեցինք ունենալ։ Սակայն նո՛յն երազը ու իտէալը պէտք է պահել արծարծ։ Վա՜յ այն ժողովուրդին, որ չունի երազ ու իդէալ եւ զայն իրագործելու հաւատք, կամք ու յոյս։ Մեր ժողովուրդը կոչւած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը պահել ամուր՝ իր պետական կառոյցներով, ներքին համերաշխութեամբ եւ յատկապէս հայրենի մեր ժողովուրդին զօրեղ կապւածութեամբ Հայրենիքի ընդհանրական ու գերագոյն շահերուն եւ արժէքներուն նկատմամբ։

Արդարեւ, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տօնի նշումը տօնակատարութենէ անդին պէտք է դառնայ հրաւէր՝ ամուր ու կանգուն պահելու մեր Հայրենիքը՝ հեռու ամէն տեսակ ներքին բեւեռացումներէ ու զգայնութիւններէ։ Հայաստանը ողջ հայութեան Հայրենիքն է։ Ա՛յս գիտակցութեամբ ու յանձնառութեամբ մեր ժողովուրդի զաւակները պէտք է մօտենան Հայաստանին։ Ա՛յս գիտակցութեամբ ու յանձնառութեամբ Հայաստանի պետական պատասխանատուները պէտք է մօտենան Սփիւռքին։

Դժբախտաբար, ինչ-ինչ պատճառներով մենք կորսնցուցինք Արցախը՝ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիութեան կարեւոր կռւաններէն մէկը։ Ապրինք ու գործենք այնպէս, որ Հայաստանը երբե՛ք հեռու չմնայ Սփիւռքէն եւ Սփիւռքը՝ Հայաստանէն։ Հայաստանն ու Սփիւռքը իրարմէ հեռացնելը կամ անջատելը ազգային հերետիկոսութիւն է։

Արդարեւ, Հայաստանի անկախութեան նշումը պատգամ մըն է ողջ հայութեան՝ համախմբւելու Հայաստանի Հանրապետութեան գերագոյն արժէքներուն՝ հողային ամբողջականութեան, անվտանգութեան ու գերիշխանութեան անվթար պահպանման ու առաւել հզօրացման շուրջ։ Այս գիտակից յանձնառութեամբ միա՛յն մեր Հայրենիքին անկախութեան նշումը իր ճշմարիտ ու ամբողջական իմաստն ու նպատակը կը ստանայ։

Թող Աստւած Իր երկնային թագաւորութեան մէջ ընդունի մեր սրբազան հողին պաշտպանութեան ու պահպանման համար իրենց արիւնը թափած մեր նահատակները եւ շուտափոյթ ապաքինում պարգեւէ մարտի դաշտին վրայ վիրաւորւած մեր զինւորներուն։ Թող Աստւած Իր երկնային զօրութեամբ անսասան պահէ Հայաստանի՝ մեր սիրելի Հայրենիքին անկախութիւնը եւ միակամ՝ մեր ժողովուրդի զաւակները՝ այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. Ամէն»։

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
21 Սեպտեմբեր 2025

www.armenianorthodoxchurch.org

ՏՕՆԵՐ

Կրօնական Տօների Օրացոյց


Երեքշաբթի 03 Փետրւարի 2026;
Ս. Սուքիասեանց քահանաներ

Հինգշաբթի 05 Փետրւարի 2026;
Սրբոց Ոսկեանց քահանայիցն

Շաբաթ 07 Փետրւարի 2026;
Տօն՝ Սրբոյն Իսահակայ Պարթեւի հայրապետին մերոյ

Երեքշաբթի 10 Փետրւարի 2026;
Սրբոց Ղեւոնդեանց, Տօն` Ս. Ղևոնդեանց քահանաների

Հինգշաբթի 12 Փետրւարի 2026;
Սրբոց Վարդանանց տօն

Շաբաթ 14 Փետրւարի 2026;
Տօն Տեառնընդառաջի

ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ

Առօրեայ Աստւածաշնչեան ընթերցումներ




Կիրակի 15 Փետրւարի 2026;
Բուն Բարեկենդան

Երկուշաբթի 16 Փետրւարի 2026;
Ա Օր Մեծի պահոց։

Երեքշաբթի 17 Փետրւարի 2026;
Բ օր մեծի պահոց։

Չորեքշաբթի 18 Փետրւարի 2026;
Գ Օր Մեծի պահոց,

Հինգշաբթի 19 Փետրւարի 2026;
Դ օր Մեծի Պահոց․

Ուրբաթ 20 Փետրւարի 2026;
Ե օր Մեծի Պահոց

Շաբաթ 21 Փետրւարի 2026;
Զ օր Մեծի Պահոց։ Սրբոյն Թէոդորոսի զօրավարին

Կիրակի 22 Փետրւարի 2026;
Բ կիր. Քառասնորդական Պահոց (Արտաքսման)

Երկուշաբթի 23 Փետրւարի 2026;
Ը օր Մեծի Պահոց

Երեքշաբթի 24 Փետրւարի 2026;
Թ օր Մեծի Պահոց

Հայկական անձնանուններ

Հայ ազգի արժանիքներին լաւածանօթ և նրա արժէքներով հպարտ հայ ծնողի համար մեծ նշանակութիւն ունի իր գալիք սերնդի հայապահպանման գործընթացը, մասնաւորաբար սփիւռքեան պայմաններում:
Ուստի, այս ուղղութեամբ նորամանկան սպասող ընտանիքներին օժանդակելու նպատակով է, որ օգտւելով հայկական եւ եւրոպական տարբեր աղբիւրներից, Թեհրանի Ազգային Առաջնորդարանի կայքէջի վրայ է տեղադրւում Հայկական անձնանունների ցանկը:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՁՆԱՆՈՒՆՆԵՐ