ԲԱՆԱՁԵՒ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻ — 7-9 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2022

 

Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Ա. Կաթողիկոսի բարձր հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայրավանքին մէջ գումարուած Ազգային Ընդհանուր Ժողովը եռօրեայ բեղուն գործունէութեամբ աւարտին հասաւ, եզրափակելով Կիլիկեան Սուրբ Աթոռի բազմերես ծառայութեան ճամբով վերարժեւորման ենթարկելով իր իրականացուցած գործունէութիւնը եւ կատարած իրագործումները, ազգային-հոգեւոր ծաղկման, Սփիւռքի ամրապնդման, հայակերտումի, ազգակերտումի ու հայրենակերտումի:

Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք յատկապէս, Սփիւռքի մէջ ազգահաւաքի եւ հոգեւոր ու ազգային վերընձիւղման Յոյսի Փարոս Անթիլիասը այսօր, իր աշխարհատարած թեմերով, Սիսի պատմական Կաթողիկոսութեան եւ անոր թեմերուն շօշափելի ներկայութիւնը իբրեւ, մէկ եւ ամբողջական պատկերով ու միասնական ոյժով կը գործէ, հաւաքականօրէն կենսագործելով իր նուիրական առաքելութիւնը:

Անցնող չորս տարիներու ընթացքին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու, ինչպէս նաեւ թեմերու ամփոփ տեղեկագիրները ցոյց տուին այն հսկայական աշխատանքը, որ կատարուած էր մեր ժողովուրդի բոլոր խաւերուն համար, տարբեր բնագաւառներէ ներս, յատկապէս մեր նոր սերունդին համար:

Մեր ժողովուրդին դիմագրաւած մարտահրաւէրները՝ Միջին Արեւելեան երկիրներու ռազմաքաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային տագնապները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու Արցախի ապահովական տխուր ու անորոշ դրութիւնը, մեծագոյն մտահոգութիւնը կազմեցին եռօրեայ Ժողովի քննարկումներուն: Նորին Ս. Օծութեան այցելութիւնները յատկապէս Լիբանանի եւ Սուրիոյ տագնապահար թեմերուն մէջ ապրող հայ ժողովուրդին, մեծ յոյս ներշնչած էին սոյն տառապող համայնքներու զաւակներուն, բալասանելով անոնց վշտաբեկ սրտին վէրքերը:

Հայ եկեղեցւոյ վերանորոգման հրամայական անհրաժեշտութիւնը ներկայ աշխարհի յարափոփոխ իրականութեան դիմաց, անյետաձգելի կարիք է, որուն լծուած է Կիլիկեան մեր Ս. Աթոռը, Հայ եկեղեցւոյ Նուիրապետական միւս Աթոռներուն հետ միասին: Դպրեվանքի ճամբով մարդուժի պատրաստութիւնը եւ Միաբանութեան երիտասարդացումը, քահանայից պատրաստութիւնն ու հայ հոգեւորականի ուսումնական մակարդակին բարձրացումը, քրիստոնէական դաստիարակութեան աշխոյժ գործունէութիւնը, միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական ծառայութիւնը, Աստուածաշունչի ներկայ աշխարհաբարի թարգմանութեան եւ հայ եկեղեցւոյ շարակնոցին ամբողջապէս եւրոպական ձայնագրութեամբ հրատարակութիւնը, Կիլիկեան Ս. Աթոռը յառաջամարտիկի դերին մէջ դրին, Սփիւռքի վերանորոգման, գաղութներու ամրապնդման ու հոգեւորապէս աճման մեծապէս նպաստելով: Աւելին, ներկայ աշխարհի ընկերաբարոյական կեանքը յուզող մեծ խնդիրներուն պատասխան գտնելու եւ երիտասարդութիւնը այդ ուղղութեամբ դաստիարակելու ուղեցոյց-գրքոյկի մը հրատարակութիւնը, իր կարեւոր դերակատարութիւնը պիտի ունենայ հայ եկեղեցւոյ վերանորոգման եւ այժմէականացման ճամբուն վրայ: Նոյնը նաեւ կրօնի դասագրքերու վերատեսութեան ենթարկման պարագային, ինչպէս նաեւ երբ ընկերային ցանցերով, կրօնական պատգամները աւելի հասանելի դառնան բոլորին:

Համաշխարհայնացման դժուարին ժամանակաշրջանին, երբ աւանդական արժեհամակարգը մեծ փոփոխութիւն կը կրէ, եկեղեցին դէպի ժողովուրդին տանելու ջանքը գործնապէս արտայայտութիւն գտաւ Կիլիկեան Ս. Աթոռին ճամբով, կարելիութեան սահմաններուն մէջ ծիսական բարեկարգութեան իրագործումով, ինչպէս նաեւ ընկերային ծառայութեան շօշափելի արտայայտութիւն տալով:

Սփիւռքը վերակազմակերպելու միտող քննարկումները պիտի շարունակուին նաեւ 2023 տարուան ընթացքին, որուն համար նոր նշաձող զետեղուեցաւ հորիզոնին վրայ, Ազգային Ընդհանուր Ժողովին ճամբով բոլոր թեմերը հրաւիրելով վերանորոգելու նախ իրենք զիրենք, եւ այդ միջոցաւ Սփիւռքը, նոյնինքն Հայաստանի ու Արցախի հզօրացման համար: Սփիւռքի գոյութենական խնդիրը՝ ինքնութեան պահպանումով, հայերէնախօսութեան շարունակականութեան ապահովումով, յատկապէս ներկայ բազմացեղ, բազմակրօն ընկերութեան միջավայրին մէջ, օրէ ցօր աճող մարտահրաւէր մըն է Կաթողիկոսութեան եւ իր թեմերուն համար:

Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ի խնդիր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ յատկապէս Վեհափառ Հայրապետին կատարած աշխատանքը բարձր գնահատանքի արժանի համարեց Ժողովս, որոնք իրենց քաջ կեցուածքներով, մեր ժողովուրդի բռնաբարուած իրաւունքներուն վերատիրացման արդար ձայնը միջազգային բեմերէ հնչեցուցին: Այս առումով տակաւին միջազգային հետապնդման առարկայ է Սիսի Կաթողիկոսարանին կալուածը իր իրաւատիրոջ վերադարձուելուն դատը:

Ընկերային ծառայութեան ծանր բեռը նաեւ իրենց ուսերուն առած Վեհափառ Հայրապետին եւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան գործունէութիւնը դարձեալ վեր է ամէն գնահատանքէ, որ հոգեւոր սպասաւորութեան կողքին մարդասիրական աշխատանքը դարձուցին առօրեայ աշխատանք, յատկապէս Լիբանանի եւ Սուրիոյ կարիքաւոր գաղութներուն մէջ: Այս գծով Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան եւ Արեւմտեան թեմերու նիւթական նպաստը, ինչպէս նաեւ Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան բարերար ամոլին եւ այլ բարերարներու աջակցութիւնը, իրենց կարեւոր դերը ունեցան սոյն գործի յաջողութեան մէջ: Մեր բոլոր թեմերն ալ բարոյական պարտաւորութիւն ունին կենսական սոյն առաքելութեան մասնակից դառնալու, ծանր վիճակէն դուրս բերելու Սփիւռքի մայր գաղութները:

Մեր համազգային առաքելութիւնը կը կենսագործուի, մեր ժողովուրդին անվերապահ մասնակցութեամբ եւ միասնական ոգիի ամբողջական դրսեւորումով, համախմբուելով մեր ազգի հիմնարժէքներուն շուրջ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութիւնն է՝ մեր ժողովուրդի զաւակները համախմբել հայ եկեղեցւոյ եւ մեր ազգային դրօշին ներքոյ, առանց յարանուանական, կուսակցական եւ կամ այլ խմբաւորմանց ներկայացուցած տարբերութիւններուն, մէ՛կ ազգի պատկանելիութեան գիտակցութեամբ:

Մեր ժողովուրդի կեանքը յուզող խնդիրներուն ներկայացումն ու քննարկումը, ինչպէս հայ ընտանիքը՝ իբրեւ առանցքը հայու գոյութեան, հայակերտումը՝ երաշխիքը հայու ինքնութեան, երիտասարդութիւնը՝ աւիշը հայ կեանքին, Սփիւռքը՝ մասնակից Հայաստանի ու Արցախի հզօրացման եւ Սփիւռքի վերակազմակերպման հրամայականը, խոր վերլուծման առաջնորդեց մասնակիցները:

Ընտանիք հասկացութեան նորաձեւութիւնները՝ աւանդականէն տարբեր, խառն ամուսնութիւնները, ամուսնալուծութիւնները, զաւակներու հայեցի դաստիարակութիւնը, բաժնուած ընտանիքներու զաւակներուն անորոշ դրութիւնը, երիտասարդութեան ներգրաւումը ազգային գործունէութեան տարբեր ոլորտներուն մէջ, որպէս ապագայի յոյսը մեր հաւաքական գոյութեան, հայրենակերտման ու հայրենապահպանութեան մասնակցութիւնը, եւ վերջապէս Սփիւռքի վերակազմակերպման հաւաքական ճիգը՝ առաջնորդութեամբ Սփիւռքի մեծագոյն հոգեւոր ու ազգային Կեդրոնին՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, նոր ուղեցոյց ստացան հաւաքական մտածողութեան ճշգրիտ բանաձեւումով:

Սփիւռքի մնայուն ըլլալու իրողութիւնը, հակառակ նորօրեայ իր ձեւափոխումներուն եւ բազմաշերտ հատուածներուն, փաստացի տուեալ է: Սփիւռքը ինքնագոյ, ինքնանպատակ եւ ինքնավախճան գոյութիւն չէ՛: Ան ամբողջական մասն է հայութեան: Ան զօրավիգ է հայրենիքին, ո՛չ միայն հեռուէն դիտողի, նիւթապէս օժանդակողի կարգավիճակով, այլեւ մասնակիցի՝ ի խնդիր Հայաստանի եւ Արցախի հզօրացման: Անցնող երեսուներկու տարիներու ընթացքին, Հայաստան-Սփիւռք եւ Սփիւռք-Հայաստան փոխյարաբերութիւնները զանազան փուլերէ անցան, սակայն Սփիւռք-Հայաստան փոխյարաբերութիւնը վտանգաւոր հանգրուանի հասած է այժմ:

Հայաստանը մեզ բոլորս միացնող եւ հայութեան տարբեր հատուածները իրարու կամրջող ոյժը պէտք էր ըլլար: Սփիւռքի հզօրացումը, հզօրացումն է հայրենիքին, իսկ անոր ջլատումն ու պառակտումը՝ կամաւորապէս հրաժարումն է հայկական պահանջատիրութենէն, ու համահայկական իտէալներէն: Հայաստանի պետութեան որդեգրած ներկայ մօտեցումը Սփիւռքի նկատմամբ, իր անկանխատեսելի, բայց ամէն պարագայի ժխտական հետեւանքները կրնայ ունենալ: Աւանդական Սփիւռքը ունի իր կառոյցները, որոնք Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք կազմաւորեցին աշխարհացրիւ հայութիւնը, որ տարբեր գաղութներու մէջ համախմբուած կ՚ապրի այդ կառոյցներուն շուրջ: Սփիւռքահայութեան վերստին համախմբումը մեր ազգի գերագոյն իտէալներուն շուրջ, հրամայական պահանջք է, նոր ու մասնագիտական համակարգումով եւ աշխատակարգով, յատկապէս երիտասարդութեան ներգրաւումով, ի՛նչ պայմաններու գնով ալ իրագործելի ըլլայ այդ:

Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը, հակառակ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւններուն եւ բաժանարար այլեւայլ կեցուածքներուն, երաշխիքն է մեր ազգի միաւորման եւ հայկական գոյապահպանման, որ միշտ պէտք է պահպանել ամուր եւ անխոցելի: Ուստի, պիտի շարունակենք զօրավիգ կանգնիլ Հայաստանի ու Արցախի հզօրացման նպաստող բոլոր ծրագիրներուն, որոնց մէջ գործնական առաջնահերթութիւն է հայոց բանակին հզօրացումը: Ժողովս նաեւ արձանագրեց թեմերէն եկած բոլոր հայակերտ ու հայրենաշէն, ինչպէս նաեւ վարչական ու կանոնագրային բարեկարգումներու առաջարկները, զանոնք իբրեւ աշխատանքային ուղեցոյց դնելով նորընտիր Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան ձեռքերուն մէջ:

Նոր հորիզոններու բացուող մարդկութիւնը, ներկայ կրօնական բազմազանութեան, մշակութային խաչաձեւումներու, ռազմաքաղաքական բախումներու, առողջապահական նոր սահմանափակումներու, իսկ մեր ժողովուրդը հայրենական անապահովութեան, հայեցի կրթութեան վտանգուածութեան, եւ դեռ տասնեակներով նոր մարտահրաւէրներու ալեկոծութիւններուն յանձնուած ըլլալով հանդերձ, մենք մեր ժողովուրդին նաւը պիտի առաջնորդենք դէպի խաղաղ նաւահանգիստ, հաւաքական ճիգով եւ զինուած անվախ նաւավարի աներեր քաղաքականութեամբ, միասնական գործելաձեւը որդեգրելով իբրեւ միակ ուղին մեր եկեղեցւոյ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, մեր ազգին ու մեր յաւերժական հայրենիքին:

ԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

www.armenianorthodoxchurch.org