Լեզու | زبان

Search

Կապ մեզ հետ

خیابان استاد نجات الهی، شماره 295
تهران 1598873311

No.295, Ostad Nejatollahi Ave.,
Tehran - IRAN

Tel: (+98-21) 88901634, 88901635,
88901636, 88897980, 88897981

Fax: (+98-21) 88892617

info@tehranprelacy.com


Թ. Հ. Թեմի Յարաբերական Մարմնի հետ կապւելու համար՝
pr@tehranprelacy.com



ԶՕՐԱԿՑԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ՝ ՎԱՍՆ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՐՑԻ ԲԱՐՒՈՔ ԼՈՒԾՄԱՆ ԵՒ ՀԱՅ ԳԵՐԻՆԵՐԻ ՇՈՒՏԱՓՈՅԹ ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿՄԱՆ

Ուրբաթ եւ կիրակի, թւականիս նոյեմբերի 22-ին եւ 24-ին, Թեհրանի բոլոր եկեղեցիներում, մատուցւող ուրբաթօրեայ եւ կիրակնօրեայ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, տեղի ունեցաւ յատուկ աղօթք՝ Արցախի հարցի բարւոք լուծման եւ հայ գերիների շուտափոյթ ազատ արձակման համար:

Սուրբ Պատարագի ընթացքում քահանայ հայրերի միջոցով ընթերցւեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախատեսած խնդրանքի եւ պահպանութեան աղօթքը:

Աղօթքին մէջ յատկապէս յիշւեց. «Տէր Աստուած, փառք քեզի, որ Քու մարդասիրութիւնդ ցոյց տուիր մարդկութեան հանդէպ՝ քու Որդիիդ Յիսուս Քրիստոսի մարդեղութեամբ, որ փրկեց մեզ իր սուրբ արիւնով։ Ինչպէս միշտ, այժմ ալ, մեր ազգին մէջէն ընտրեցիր եռանդուն քաջեր, որոնք հաւատքի կրակը Հայրենիքի սիրոյն հետ անքակտելիօրէն միաւորեցին եւ հերոսաբար ընդդիմութիւն ցոյց տուին անօրէն թշնամիին։ Տէ՜ր, այստեղ հաւաքուած ծառաներդ, իրենց աղաչանքը բարձրացնելով՝ Քու պահպանութիւնդ կը խնդրեն հայրենի Արցախէն տեղահանուած 120.000 հայորդիներուն համար, որոնք զրկուեցան իրենց հողէն ու տունէն։ Զանոնք Քու սուրբ հովանիիդ տակ պահէ եւ հայրական խնամքիդ արժանի դարձուր։ Յիշէ՛, Տէ՜ր, հայրենի Արցախէն պատանդ տարուած մեր ղեկավարները, ռազմագերիներն ու առեւանգուած մեր հայորդիները, որոնք բանտերու մէջ ապօրինաբար գերի կը պահուին Ազրպէյճանի կողմէ։ Ո՜վ ազատարար Փրկիչ, Քու բարի կամքիդ համաձայն ազատութիւն շնորհէ մեր գերիներուն, որպէսզի անոնք ապահով կերպով վերադառնան Հայրենիք եւ միանան իրենց ընտանիքներուն։ Քու ողորմութեամբդ յիշէ՛ Հայաստանի ու Արցախի նահատակները, որոնք իրենց կեանքը զոհեցին յանուն մեր հողին ու արդար իրաւունքներու պաշտպանութեան։ Յիշէ անոնց հոգիները Քու երկնային արքայութեանդ մէջ, իսկ անոնց սգակիր հարազատներուն Սուրբ Հոգիիդ մխիթարութիւնը պարգեւէ։

«Տէ՜ր Աստուած, անսասան պահէ ու պահպանէ մեր Հայրենիքը ամէն տեսակ չարիքներէ։ Պահպանութեան նշանդ՝ սուրբ խաչը կանգնեցուր հայրենի սահմաններուն վրայ, որպէսզի թշնամին չմօտենայ մեզի՝ իր նենգ դաւերով ու ծրագիրներով։ Աւելցո՛ւր շնորհքն ու իմաստութիւնը մեր ազգի ղեկավարներուն եւ հզօր պահէ հայոց բանակը։ Երկարէ՛ ձեռքդ, ո՜վ Տէր, եւ օրհնէ հայ ժողովուրդը՝ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի։ Ամենակարող զօրութեամբդ ամրացուր մեր ազգն ու սուրբ եկեղեցին՝ զանոնք պահելով միասնակամ ու անսասան, որպէսզի դառնանք Քու սուրբ անունդ փառաբանողներ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն»։

Կրօնական արարողութիւններին ներկայ էին՝ Թեմական խորհրդի եւ Ազգ. մարմինների ներկայացուցիչները եւ նկատառելի թւով հաւատացեալներ:

Ազգային Առաջնորդարանի Հանրային Կապ

Հայկական անձնանուններ

Հայ ազգի արժանիքներին լաւածանօթ և նրա արժէքներով հպարտ հայ ծնողի համար մեծ նշանակութիւն ունի իր գալիք սերնդի հայապահպանման գործընթացը, մասնաւորաբար սփիւռքեան պայմաններում:
Ուստի, այս ուղղութեամբ նորամանկան սպասող ընտանիքներին օժանդակելու նպատակով է, որ օգտւելով հայկական եւ եւրոպական տարբեր աղբիւրներից, Թեհրանի Ազգային Առաջնորդարանի կայքէջի վրայ է տեղադրւում Հայկական անձնանունների ցանկը:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՁՆԱՆՈՒՆՆԵՐ