Լեզու | زبان

Search

Կապ մեզ հետ

خیابان استاد نجات الهی، شماره 295
تهران 1598873311

No.295, Ostad Nejatollahi Ave.,
Tehran - IRAN

Tel: (+98-21) 88901634, 88901635,
88901636, 88897980, 88897981

Fax: (+98-21) 88892617

info@tehranprelacy.com


Թ. Հ. Թեմի Յարաբերական Մարմնի հետ կապւելու համար՝
pr@tehranprelacy.com



Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ 2024 ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

ԹՈՂ 2025 ՏԱՐԻՆ ԴԱՌՆԱՅ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ ՏԱՐԻ

Ժամանակի արագընթաց թաւալումին եւ մարդկային կեանքի հեւքին մէջ հին տարիէն նոր տարի անցման այս հանգրուանը ընդհանրապէս բնորոշուած է իբրեւ եզակի առիթ ինքնաքննութեան ու հաշուետուութեան: Սա բնական եւ հրամայական անհրաժեշտութիւն մըն է իւրաքանչիւր անհատի, կառոյցի, հաւաքականութեան կամ պետութեան համար:

Անցնող տարուան մեր կեանքը լեցուն էր տագնապներով ու վերիվայրումներով: Իրագործումներու կողքին նաեւ ունեցանք ձախողութիւններ, յաջողութեան առընթեր նաեւ՝ թերացումներ: Արդարեւ, հաշուետուութեամբ ամրագրուած եւ իրապաշտ ոգիով կատարուած ինքնաքննութիւնը երաշխիքն է յաջողութեան ու յառաջդիմութեան:

Մեր ազգին համար 2025 տարին պէտք է դառնայ նաեւ հոգեւոր ու ազգային վերանորոգման տարի: Կեանքը իր բոլոր տարածքներով ու բնագաւառներով կը նմանի հոսող ջուրի, եթէ հոսքը դադրի կը ճահճանայ ու կը դառնայ վնասաբեր: Այնպէս ալ մեր կեանքը: Վերանորոգումը պէտք է դառնայ մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքի ընթացքը՝ նպատակասլաց տեսլականէ մղուած:

Կ՚ապրինք մեր ժամանակակից պատմութեան վտանգալից ժամանակները: Շրջապատուած ենք ահաւոր տագնապներով:

Ոչ-բարեկամ երկիրներուն հետ Հայաստանի յարաբերութիւնը եւ անոր առնչուած համաձայնութիւնները՝ կատարուած թէ կատարուելիք, ինչպէս նաեւ անոնց միակողմանի պահանջները կրնան վտանգել Հայաստանի ամբողջականութիւնը, անկախութիւնը ու անվտանգութիւնը:

Միջին Արեւելքէն ներս աշխարհաքաղաքական պայմաններու արագ եւ արմատական փոփոխութիւնը կրնայ իր բացասական հետեւանքները ունենալ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ շրջանի մեր համայնքներուն համար:

Հեռու է մեր կեանքը ներքին միասնականութիւնը ամրացնող ազդակներէ: Ներկայ կացութեան շարունակումը մեր ժողովուրդը կրնայ առաջնորդել նորանոր բեւեռացումներու:

Արդ, այս անորոշ պայմաններուն դիմաց չենք կրնար անտարբեր մնալ: Մեր կեանքի վերանորոգումը աւելի քան հրամայական է:

Վերանորոգում կը նշանակէ մեր կեանքը դուրս բերել մաշեցնող, տկարացնող, բեւեռացնող, այլասերող ու դէպի նահանջ առաջնորդող ներկայ գոյավիճակէն եւ նոր որակ ու տեսլական տալ անոր:

Վերանորոգում կը նշանակէ ոյժերու համախմբում՝ համազգային օրակարգի մը շուրջ:

Վերանորոգում կը նշանակէ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ճիշդ հունաւորում ու վերաշեշտում:

Վերանորոգում կը նշանակէ Սփիւռքի վերակազմակերպում ու վերակենսաւորում. ու տակաւին՝ մարդուժի համախմբում, մեր կեանքին երիտասարդութեան մասնակցութիւն եւ նիւթական կարելիութիւններու ճիշդ տնտեսում:

Անհրաժեշտ կարիքը ունինք այս բոլորին ուղղութիւն ու կշիռք տուող բարոյական, հոգեւոր ու ազգային արժէքներու վերակենսագործման, ինչպէս նաեւ զանոնք կեանքի վերածող հաւաքական կամքի, հաւատքի ու յոյսի:

Դէպի վերանորոգում: Ահա 2025 տարուան մարտահրաւէրը մեր դիմաց: Բացուող Նոր Տարին պիտի դառնայ սոսկ տարուան թիւի փոփոխութիւն, եթէ զայն չողջունենք մեր կեանքը վերանորոգելու յանձնառութեամբ:

Եկէ՛ք փառք տանք Աստուծոյ, որ տարի մը եւս ապրելու պարգեւը շնորհեց մեզի:

Եկէ՛ք աղօթենք հիւանդներուն առողջութեան, բանտարկեալներուն ազատութեան եւ կարիքաւորներուն կեանքի բարելաւման համար:

Թող Աստուած Իր երկնային բարիքներով հարստացնէ մեր ընտանիքներուն ու զաւակներուն կեանքը:

Շնորհաւոր Նոր Տարի:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

1 Յունուար 2025
Անթիլիաս, Լիբանան

www.armenianorthodoxchurch.org

Հայկական անձնանուններ

Հայ ազգի արժանիքներին լաւածանօթ և նրա արժէքներով հպարտ հայ ծնողի համար մեծ նշանակութիւն ունի իր գալիք սերնդի հայապահպանման գործընթացը, մասնաւորաբար սփիւռքեան պայմաններում:
Ուստի, այս ուղղութեամբ նորամանկան սպասող ընտանիքներին օժանդակելու նպատակով է, որ օգտւելով հայկական եւ եւրոպական տարբեր աղբիւրներից, Թեհրանի Ազգային Առաջնորդարանի կայքէջի վրայ է տեղադրւում Հայկական անձնանունների ցանկը:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՁՆԱՆՈՒՆՆԵՐ