ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Առաջնորդ՝ Սէյէդ Ալի Խամէնէյին իր յղած նամակով ցաւակցութիւն յայտնեց Հանրապետութեան նախկին նախագահ՝ Ալի Աքպար Հէշէմի Ռաֆսանջանիի մահւան տխուր առիթով:
Նորին Սրբութիւնը իր ցաւակցագիրին մէջ յիշելէ ետք իր ունեցած երկու հանդիպումները հանգուցեալին հետ, շեշտեց, թէ Ռաֆսանջանի կարեւոր ներդրում բերած է Իրանի Հանրապետութեան յառաջդիմութեան եւ միջազգային յարաբերութեան զարգացման մէջ:
Յայտնենք, թէ յանուն Վեհափառ Հայրապետին Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, ընկերակցութեամբ երկու միաբան հայրերու, այցելեց Լիբանանի մօտ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Դեսպանին, անձամբ փոխանցելու համար Վեհափառ Հայրապետին ցաւակցութիւններն ու ցաւակցագիրը: