Կիրակի երեկոյեան, 21 Ապրիլ 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ կայացող «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ին կազմակերպած «Արցախի Իրաւունքներու Վերականգնումի Հրամայականը՝ Ընդդէմ Ազրպէյճանի Ցեղասպանական Քաղաքականութեան» գիտաժողովը շարունակեց իր աշխատանքային նիստերը։
Օրուան առաջին նիստով զեկոյց ներկայացուց Շահան Գանտահարեան։ Ան անդրադարձաւ Արցախի մէջ Ազրպէյճանի կիրարկած ցեղասպանական գործողութիւններու արձագանգներու երեք ուղղութիւններուն՝ պաշտօնական (Երեւանի ու Ստեփանակերտի) ուղղութիւն, ոչ-պետական՝ սակայն միջազգային հեղինակութիւն եւ վարկ վայելող հիմնարկներու կամ իրաւաքաղաքական ոլորտի կարեւորագոյն դէմքերու ուղղութիւն եւ տարբեր պետութիւններու օրէնսդրական ազգային ժողովի բանաձեւերու ուղղութիւն։ Ապա դոկտ. Արփինէ Բաբլումեան զեկուցեց միջազգային մամուլին 2023 թուականի արցախահայութեան բռնագաղթին ու հայրենազրկման անդրադարձին մասին եւ համապարփակ վերլուծում կատարեց օգտագործուած ուղղութիւններուն եւ անոր յետին քաղաքականութիւններուն։ Նիստը վարեց Դոկտ. Վահրամ Բալայեան։
Երկրորդ նիստով ելոյթ ունեցան դոկտ. Հրայր Պալեանն ու դոկտ. Վիգէն Չըթըրեանը, զեկուցավար ունենալով փրոֆ. Արմէն Մարուքեան։ Դոկտ. Պալեան հարցադրումներ բարձրացուց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բանակցութիւններուն ձախողումին վերաբերեալ եւ մանրամասնեց հակամարտութիւններու լուծման ներկայի քաղաքականութիւնները եւ միջնորդներուն՝ իւրաքանչիւրը իր շահերը հետապնդելը քան հակամարտութիւններուն լուծում բերելու սկզբունքը։ Իսկ դոկտ. Չըթըրեան խօսեցաւ ուժային հաւասարակշռութեան վերականգման միջոցներուն մասին՝ վերլուծելով պարտութեան մղած պատճառները եւ Հայաստանի ռազմավարական գործընկերներու պակասը, Հայաստանի դերը միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ։
Բնականաբար նիստերու ընթացքին մանրամասն քննարկումներ տեղի ունեցան։
Համագումարը իր աւարտին կը հասնի Երկուշաբթի, Ապրիլ 22-ին։
www.armenianorthodoxchurch.org