Լեզու | زبان

Search

Կապ մեզ հետ

خیابان استاد نجات الهی، شماره 295
تهران 1598873311

No.295, Ostad Nejatollahi Ave.,
Tehran - IRAN

Tel: (+98-21) 88901634, 88901635,
88901636, 88897980, 88897981

Fax: (+98-21) 88892617

info@tehranprelacy.com


Թ. Հ. Թեմի Յարաբերական Մարմնի հետ կապւելու համար՝
pr@tehranprelacy.com



ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԸ ԱՒԱՐՏԵՑ ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ

«Արցախի Իրաւունքներու Վերականգնումի Հրամայականը՝ Ընդդէմ Ազրպէյճանի Ցեղասպանական Քաղաքականութեան» Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ գումարուող համագումարը, կազմակերպուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ին, իր վերջին երկու նիստերը գումարեց Երկուշաբթի, 22 Ապրիլ 2024-ին։ Համագումարի փակման նիստին եզրափակիչ օրհնութեան խօսքը արտասանեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը։ Իսկ նիստերու աւարտին, «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ը փակ նիստով լայնօրէն քննարկեց համագումարի նիստերէն բխած հարցերը ու ներկայացուած առաջարկները։

Օրուան առաջին նիստով հանդէս եկաւ դոկտ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան, որ համապարփակ կերպով ներկայացուց Սփիւռքի քաղաքականացման գործընթացքը՝ լուսարձակի տակ առնելով Ցեղասպանութեան հարցը հանրութեան ուշադրութեան վերստին յանձնելու աշխատանքները եւ արդարահատուցման համար առած ուղին, ինչպէս նաեւ հարցադրումներ բարձրացուց այս բոլորէն դասեր քաղելով Արցախի հարցը դնելու եւ Սփիւռքին վերաշխուժացման ու զօրաշարժի համաշխարհային կերպով կազմաւորելու խնդիրին շուրջ։ Ապա, զեկուցեց Տիգրան Եկաւեան՝ անդրադառնալով Սփիւռքի դերակատարութեան ներկայ մարտահրաւէրներուն դիմաց, ի մասնաւորի փանթուրքիզմի, Հայաստանի հետ յարաբերութեան ու ռազմավարական տեսլական մշակելու իր օրակարգը ստեղծելու առնչութեամբ։ Յետոյ, փրոֆ. Հայկ Օշական իր զեկոյցով Սփիւռքի ներկայ վիճակը պարզելու համար անդրադարձաւ Սփիւռքի քաղաքական ինքնութեան՝ սկեալ 1830-ական թուականներուն Եւրոպայէն սկսած ազգայնականութեան գաղափարախօսութեամբ, ու այս մեկնակէտէն խօսեցաւ Արցախի ներկայ իրականութեան Սփիւռքի ընկալման մասին։ Նիստը վարեց դոկտ. Հրայր Պալեան։

Օրուան երկրորդ նիստով դոկտ. Մելանիա Բալայեան զեկուցեց Ազրպէյճանի կողմէ ռազմակալուած Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան իւրացման մասին, սկսելով Ազրպէյճանի աղուանական ծագումէն՝ հասնելով Արցախի եկեղեցիներուն ալպանական ծագում ունենալու կեղծ տեսութիւնները։ Հուսկ, Լեռնիկ Յովհաննիսեան ներկայացուց Արցախի նիւթական եւ ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանման խնդիրները, խօսեցաւ մեր ժառանգութեանց նկատմամբ Ազրպէյճանի վարած քաղաքականութեան մասին եւ կատարեց շարք մը առաջարկներ։ վերջապէս, Արմինէ Տիգրանեան ներկայացուց Արցախի մշակութային պաշտպանութեան միջազգային իրաւական մեքանիզմը՝ անդրադառնալով մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան դրութիւններուն, օրէնքներուն ու սկզբունքներուն։ Նիստը վարեց դոկտ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան։

Եռօրեայ համագումարի եզրափակիչ իր օրհնութեան խօսքը արտասանեց Արամ Ա. Կաթողիկոս։ Ան ըսաւ, որ այս գիտաժողովին քննարկումները պէտք է շարունակուին զանազան վայրեր՝ զանազան ձեւերով, նկատի ունենալով, որ գիտաժողովը ակադեմական հարցերը կեանքի իրականութեան լոյսին տակ տեսնել փորձեց։ Հայրապետը դիտել տուաւ, որ ներկայացումներն ու քննարկումները ինքնաքննական ոգի եւ առարկայական մօտեցումներ կը պարունակէին, ինչպէս նաեւ՝ հայեցակէտերու նոյն ուղղուածութիւնը տիրական ներկայութիւն էր։ Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց, որ արծարծուած նիւթերը ո՛չ միայն այժմէական եւ հրատապ հարցեր էին, այլեւ՝ հարցեր, որոնք խորքային կերպով քննարկումի կարիք ունին, եւ վերջապէս ընդգծեց մեր ընելիքը ծրագրելու անմիջականութիւնը։ Իր խօսքի աւարտին, Նորին Ս. Օծութիւնը իր գնահատանքը յայտնեց մասնակիցներուն, յատկապէս՝ Շահան Գանտահարեանին, փրոֆ. Արմէն Մարուքեանին եւ փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեանին, այս գիտաժողովի նախապատրաստական ու ծրագրաւորման աշխատանքներուն համար, եւ նշեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը միշտ պատրաստ է աջակցելու այն բոլոր նախաձեռնութիւններուն ու աշխատանքներուն, որոնց նպատակը Հայաստանի հզօրացումն է, եւ այս պարագային՝ Արցախի մեր ժողովուրդի վերադարձի իրաւունքներու պաշտպանութիւնը՝ միջազգային հովանաւորութեամբ։

Յայտնենք, որ գիտաժողովէն ետք «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ը գումարեց փակ նիստ մը, ուր քննարկեց գիտաժողովէն բխած քննարկումները, վերլուծումները, հարցերն ու առաջարկները։

www.armenianorthodoxchurch.org

ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ

Առօրեայ Աստւածաշնչեան ընթերցումներ




Կիրակի 06 Հոկտեմբերի 2024;
Եսայի 17.7-14։ Բ Կորնթացիներ 13.5-13։ ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍՒ 11.27-33։

Երկուշաբթի 07 Հոկտեմբերի 2024;
Տօն՝ Սրբոցն Փոկասու հայրապետին եւ Երանոսի հետեւողին առաքելոցն

Երեքշաբթի 08 Հոկտեմբերի 2024;
Սրբոց կուսանացն Թեկղի, Վառվառեայ եւ Պեղիգեայ

Չորեքշաբթի 09 Հոկտեմբերի 2024;
Գաղատացիներ 1.1-10։ ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍՒ 12.1-12։

Հինգշաբթի 10 Հոկտեմբերի 2024;
Տօն Պանդալէոնի բժշկին, Երմողեայ քահանային եւ Եւպրաքսեայ կուսին

Ուրբաթ 11 Հոկտեմբերի 2024;
Գաղատացիներ 1.11-24։ ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍՒ 12.18-34։

Շաբաթ 12 Հոկտեմբերի 2024;
Տօն՝ Սրբոց թարգմանչաց վարդապետացն մերոց` Մեսրովբայ, Եղիշէի, Մովսիսի Քերթողին, Դաւթի Անյաղթ փիլիսոփային, Գրիգորի Նարեկացւոյն եւ Ներսիսի Կլայեցւոյն

Կիրակի 13 Հոկտեմբերի 2024;
Ե կիր.զկնի Ս. Խաչի

Երկուշաբթի 14 Հոկտեմբերի 2024;
Տօն՝ Գիւտ նշխարաց Սրբոյն Գրիգորիսի Աղուանից կաթողիկոսին, եւ սրբոց հարցն` Թաթլոյ, Վարոսի, Թումասու, Անտօնի, Կրօնիդեայ եւ եօթն խոտաճարակացն, որք յԻննակնեայ վանսն կատարեցան

Երեքշաբթի 15 Հոկտեմբերի 2024;
Սրբոց առաքելոցն` Անանիայի, Մատթէի, Բառնաբայ, Փիլիպպոսի, Յովհաննու, Շիղայի եւ Սիւղիանոսի

Հայկական անձնանուններ

Հայ ազգի արժանիքներին լաւածանօթ և նրա արժէքներով հպարտ հայ ծնողի համար մեծ նշանակութիւն ունի իր գալիք սերնդի հայապահպանման գործընթացը, մասնաւորաբար սփիւռքեան պայմաններում:
Ուստի, այս ուղղութեամբ նորամանկան սպասող ընտանիքներին օժանդակելու նպատակով է, որ օգտւելով հայկական եւ եւրոպական տարբեր աղբիւրներից, Թեհրանի Ազգային Առաջնորդարանի կայքէջի վրայ է տեղադրւում Հայկական անձնանունների ցանկը:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՁՆԱՆՈՒՆՆԵՐ