Լեզու | زبان

Search

Կապ մեզ հետ

خیابان استاد نجات الهی، شماره 295
تهران 1598873311

No.295, Ostad Nejatollahi Ave.,
Tehran - IRAN

Tel: (+98-21) 88901634, 88901635,
88901636, 88897980, 88897981

Fax: (+98-21) 88892617

info@tehranprelacy.com


Թ. Հ. Թեմի Յարաբերական Մարմնի հետ կապւելու համար՝
pr@tehranprelacy.com



Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ — 2025

ԴԱՌՆԱՆՔ ՅՈՅՍԻ ԱՂԲԻՒՐԻՆ՝ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԾՆԵԱԼ ՈՐԴՒՈՅՆ

Նոր Տարուան սեմին եւ Աստուածայայտնութեան խորհուրդով օծուն այս օրերուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ կ՚ողջունենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները:

Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ,
Ձեզի մեզի մեծ աւետիս:

Եղբայրական ջերմ սիրով կ՚ողջունենք հայ եկեղեցւոյ Նուիրապետական Աթոռներու գահակալները՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանը եւ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Արք. Մաշալեանը, մաղթելով իրենց քաջառողջութիւն եւ եկեղեցաշէն իրագործումներով հարուստ երկար գահակալութիւն:

Հայրական սիրով կ՚ողջունենք մեր Սուրբ Աթոռի թեմակալ առաջնորդները, Ազգային Իշխանութիւնները եւ համայնքային կառոյցները՝ իրենց մաղթելով Աստուծոյ մարդեղացեալ Որդւոյն աշխարհ բերած սիրոյ ու խաղաղութեան երկնային պարգեւներով լեցուն օրեր:

Տագնապի մէջ էր խրած հին աշխարհը, որովհետեւ հեռացած էր Աստուծմէ: Տագնապի մէջ էր մարդը, որովհետեւ դաւաճանած էր իր Աստուածատուր կոչումին: Եւ ահա յուսաբեկ աշխարհին մէջ կը ծնէր երկնային յոյսը, Բեթղեհէմի մէջ կը ծնէր Աստուծոյ Որդին՝ դառնալով յոյսը համայն մարդկութեան:

Բեթղեհէմը սոսկ անցեալ չէ, այլ շարունակուող խորհուրդ ու յաւիտենական պատգամ է: Աստուծոյ Որդին եղաւ յոյսի առաքեալ՝ Բեթղեհէմէն մինչեւ Նազարէթ, Երուսաղէմէն մինչեւ թափուր գերեզման: Իր ուսուցումներուն ու հրաշքներուն ճամբով յոյս ներշնչեց բոլորին, հիւանդին ու հալածուածին, ճնշուածին ու կարիքաւորին: Պատգամեց բոլորին՝ ըսելով.- մի՛ վախնաք, այլ յոյսով կռանուած հաւատացէք, հաւատացէք յուսալով եւ յուսացէք հաւատալով: Մահուան վրայ տարած յաղթանակով, Քրիստոս յարութեան յաղթանակի յոյսը տուաւ: Վերստին վերադառնալու խոստումը տալով, Քրիստոս յոյսով ապրելու ու յոյսով տագնապները դիմագրաւելու հաւատքը ու կամքը տուաւ իր հետեւորդներուն:

Արդարեւ, քրիստոնէական կեանքի ամէնէն զօրեղ կռուաններէն մէկն է յոյսը: Մկրտութեան ճամբով մարդը Քրիստոսի հետեւելու ուխտը կը կատարէ՝ ընդունելով զՔրիստոս որպէս հաւատքի վահան, սիրոյ ճանապարհ ու յոյսի աղբիւր:

Յոյսը սոսկ զգացական վիճակ մը կամ տեսական երեւոյթ մը չէ. ան Բեթղեհէմի ճամբով աշխարհին տրուած երկնային պարգեւ է: Քրիստոնեան կոչուած է յոյսը ապրելու իր կեանքին մէջ՝ զայն դարձնելով իր մտածումներուն ու գործերուն, իր ողջ կեանքին ամուր շաղախը, զայն դարձնելով իր կեանքին խաւարը վանող ու հորիզոնը լուսաւորող Քրիստոսի պայծառակերպիչ ներկայութիւնը:

Կ՚ապրինք բազմազան տագնապներով լեցուն ժամանակներու մէջ: Քաղաքական, տնտեսական, կենսոլորտային ու բազմաթիւ այլ տագնապներու եւ պատերազմներու հետեւանքները յուսահատութեան ու անորոշութեան մթնոլորտ ստեղծած են ամէնուրեք: Նոյն մթնոլորտին մէջ կ՚ապրի նաեւ համայն հայութիւնը:

Հայաստանի մէջ, Արցախի կորուստը, ցեղասպան դրացիներուն յոխորտանքը, շարունակուող արտագաղթը եւ արժէքներու նահանջը, փաստօրէն, ստեղծած են անորոշ կացութիւն ու յուսահատ մթնոլորտ ապագային նկատմամբ:

Սփիւռքը, իր կարգին, կը շարունակէ տատանիլ անորոշութեան ու յուսահատութեան ալիքներուն մէջ: Արեւմտեան երկիրներու մէջ հաստատուած մեր գաղութները շրջապատուած են այնպիսի պայմաններով, որոնք արագընթաց մաշումի կ՚ենթարկեն մեր ժողովուրդի զաւակներուն հայօրէն գոյատեւումը:

Միջին Արեւելքի մէջ ստեղծուած ներկայ պայմանները յառաջացուցած են վտանգներով յղի անորոշութեան մթնոլորտ մը: Հակառակ այն իրողութեան, որ Լիբանանի ու Սուրիոյ մեր համայնքները անմիջականօրէն ենթակայ չեղան յաջորդական տագնապներու յառաջացուած վտանգին, սակայն կը շարունակեն կրել անոնց ծանր հետեւանքները, մասնաւորաբար ընկերատնտեսական մարզէն ներս:

Ըլլանք իրատես, բայց ոչ՝ յոռետես ու յուսահատ:

Լսենք Պօղոս առաքեալին պատգամը.-«Նեղութիւնները համբերութիւն կու տան, համբերութիւնը՝ տոկունութիւն, տոկունութիւնը՝ յոյս» (Հռ 5.4-5):

Որքա՜ն կը պատշաճի այս յիշեցումը մեր ժողովուրդի կեանքի ներկայ պայմաններուն:

Արդ, հարկ է հեռու մնալ զգացական մօտեցումներէ, միակողմանի դատումներէ ու մակերեսային արժեւորումներէ եւ տագնապները դիմագրաւել համբերութեամբ ու իմաստութեամբ: Հարկ է ազգին ոյժերու համախմբումով եւ ապագայատեսիլ հաւատքով ու ամուր վճռակամութեամբ պայքարիլ մեր Հայրենիքին ու մեր գոյութեան սպառնացող վտանգներու դէմ: Հարկ է Հայաստանի հզօրացումը նկատել գերագոյն իտէալ՝ համահայկական անխախտ յանձնառութիւն մը, որ պայմանաւորուած պէտք չէ ըլլայ անձերով ու իշխանութիւններով:

Սփիւռքի վերակազմակերպումի ծիրէն ներս, Մերձաւոր Արեւելքի ու յատկապէս Լիբանանի ու Սուրիոյ մեր համայնքներուն վերականգնումը պէտք է դառնայ համազգային առաջնահերթութիւն: Այս գաղութները սովորական իմաստով գաղութներ կամ համայնքներ չեն, նկատի ունենալով անոնց ներկայացուցած պատմական, քաղաքական, աշխարհաքաղաքական, կրօնական իւրայատկութիւնները եւ յատուկ դերակատարութեան կարեւորութիւնը՝ թէ՛ մեր ժողովուրդին, թէ՛ Հայաստանին եւ թէ՛ շրջանի պետութիւններուն համար:

Տագնապները ու դժուարութիւնները եւ անոնց յառաջացուցած հետեւանքները տակաւին կրնան յամենալ մեր շուրջը: Ըլլանք համբերող ու յուսալից: Քրիստոնէական մեր հաւատքը կը մղէ մեզ ամրօրէն կառչելու յոյսին: Հայուն վերականգնելու կամքը կ՚առաջնորդէ մեզ վերանորոգ ոգիով ու միակամ ճիգով մասնակից դառնալու հայ ժողովուրդի վերածաղկումին:

Դա՛րձեալ լսենք պատգամը Պօղոս առաքեալին.-«յոյսը երբեք ամօթով չի ձգեր» (Հռ 5.5):

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

6 Յունուար 2025
Անթիլիաս, Լիբանան

www.armenianorthodoxchurch.org

ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ

Առօրեայ Աստւածաշնչեան ընթերցումներ




Կիրակի 19 Յունւարի 2025;
Ս․Ծննդեան Առաջին կիրակի

Երկուշաբթի 20 Յունւարի 2025;
Տօն՝ Սրբոցն Թէոդոսի թագաւորին եւ մանկանցն Եփեսոսի

Երեքշաբթի 21 Յունւարի 2025;
Տօն՝ Սրբոցն Կիրակոսի եւ մօրն Յուղիտայի, եւ սրբոց վկայիցն Գորդիոսի, Պօղիքտոսի եւ Գրիգորիսի

Չորեքշաբթի 22 Յունւարի 2025;
Ա Տմ 2։8-3։13, Յվհ 2։12-22

Հինգշաբթի 23 Յունւարի 2025;
Տօն Սրբոցն Վահանայ Գողթնացւոյն, Եւգինեայ կուսին եւ հօրն նորա Փիլիպպոսի եւ մօրն Կղօդիայ եւ երկուց եղբարցն Սերգեայ եւ Ապիտոնի եւ երկուց ներքինեացն

Ուրբաթ 24 Յունւարի 2025;
Ա Տիմ,2։3-14,Յվհ 5։31-47

Շաբաթ 25 Յունւարի 2025;
Տօն՝ Սրբոց հայրապետացն Աթանասի եւ Կիւրղի եւ Գրիգորի Աստուածաբանին

Կիրակի 26 Յունւարի 2025;
Սուրբ Ծննդեան երկրորդ կիրակի, Եսայի 58.13-59.7, Ա Տիմոթէոս 4.12-5.10, ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 3.13-21։

Երկուշաբթի 27 Յունւարի 2025;
Սրբոց Վկայիցն Եւգինեոսի, Մակարիոսի, Վաղերիոսի, Կանդիտոսի եւ Ակիւղասայ

Երեքշաբթի 28 Յունւարի 2025;
Սրբոցն Անդրէի զօրավարի եւ բանակի նորին, եւ վկայիցն՝ Կալինիկոսի եւ Դոմետեայ։

Հայկական անձնանուններ

Հայ ազգի արժանիքներին լաւածանօթ և նրա արժէքներով հպարտ հայ ծնողի համար մեծ նշանակութիւն ունի իր գալիք սերնդի հայապահպանման գործընթացը, մասնաւորաբար սփիւռքեան պայմաններում:
Ուստի, այս ուղղութեամբ նորամանկան սպասող ընտանիքներին օժանդակելու նպատակով է, որ օգտւելով հայկական եւ եւրոպական տարբեր աղբիւրներից, Թեհրանի Ազգային Առաջնորդարանի կայքէջի վրայ է տեղադրւում Հայկական անձնանունների ցանկը:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՁՆԱՆՈՒՆՆԵՐ