Լեզու | زبان

Search

Կապ մեզ հետ

خیابان استاد نجات الهی، شماره 295
تهران 1598873311

No.295, Ostad Nejatollahi Ave.,
Tehran - IRAN

Tel: (+98-21) 88901634, 88901635,
88901636, 88897980, 88897981

Fax: (+98-21) 88892617

info@tehranprelacy.com


Թ. Հ. Թեմի Յարաբերական Մարմնի հետ կապւելու համար՝
pr@tehranprelacy.com



Ազատուհի Զարուկեանը 4 Միլիոն Դոլար կը նւիրէ Նիւ Եորքի եկեղեցուն

ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Հայրենիք».- Կիրակի, Հոկտեմբեր 16ին, Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ Ս. պատարագը մատուցեց հոգեւոր հովիւ Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան: Պատարագին նախագահեց ու քարոզեց Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեան:

Պատարագի աւարտին, ըստ ընկալեալ սովորութեան, ներկաները մեկնեցան «Փաշալեան» սրահ, ուր ճաշի պատրաստութիւններ կատարուած էին: Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան ողջունեց ներկաները եւ իր խօսքին մէջ բերաւ այրի կնոջ լումային օրինակը՝ լսարանին յիշեցնելով իւրաքանչիւր հաւատացեալի պարտականութիւնը՝ ըստ իր կարողութեան իր լուման ընծայելու եկեղեցւոյ պայծառութեան ու աստուածահաճոյ գործի շարունակութեան ի խնդիր: Տէր հայրը անմիջապէս աւելցուց. «Օրիորդ Ազատուհի Զարուկեան չորս լումայ տուաւ»: Պարզուեցաւ, որ «չորս լումայ» արտայայտութիւնը զուտ փոխաբերական իմաստ մը ունէր: Ի յիշատակ իր ծնողներուն՝ Գեղամ եւ Նեկտար Զարուկեանի, եւ եղբայրներուն՝ Արտաշէսի ու Յարութիւնի,  Ա-զատուհի Զարուկեան կատարած էր 4 միլիոն տոլարի նուիրատուութիւն մը Ս. Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ: Նման պարագաներու, «իշխանական» ածականը կը կցուի «նուիրատուութիւն» բառին, բայց այս անգամ, թերեւս աւելի արդար պիտի ըլլար… «կայսերական» ածականը գործածել:

Տէր Մեսրոպ բացատրեց, թէ նուիրատուութիւնը ի՞նչ պայմաններու տակ տեղի ունեցած էր՝ իր անսակարկ գնահատանքը յայտնելով նուիրատուի կատարած քայլին: Անցեալ Մայիսին, ան բարերարուհիէն հեռաձայն մը ստացած էր՝ այցելութեան խնդրանքով: Այցին ընթացքին, եկեղեցականը վերահասու դարձած էր օրիորդ Զարուկեանի փափաքին՝ կարեւոր գումար մը նուիրելու Ս. Լուսաւորիչին՝ բարեսիրական եւ կրթական նպատակներու: Յաջորդող ամիսներուն ընթացող խօսակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք, գոյացած էր համաձայնութիւնը: Սակայն, Սեպտեմբերի կէսերուն էր, որ տէր հայրը, օրդ. Ազատուհին եւ իր զարմիկը՝ Միքայէլ Ստեփանեան այցելած էին դրամատունը՝ գումարին փոխանցման համար, ու պարզուած էր նուիրատուութեան բուն տարողութիւնը:

Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին յայտարարութիւնները ներկաներուն կողմէ դիմաւորուեցան որոտընդոստ ծափահարութիւններով: Տէր հայրը յայտնեց, թէ այժմ յատուկ յանձնախումբ մը կը զբաղի մայր գումարը՝ 4 միլիոն տոլարը, լաւագոյն ներդրումով ապահովելու գործով: Երկրորդ յանձնախումբ մը պիտի կազմուի շուտով, որ պիտի նուիրուի անձեռնմխելի գումարէն բխած եկամուտները բաշխելու հարցերով: Ազատուհի Զարուկեանի փափաքով, գումարը պիտի յատկացուի բարեսիրական եւ կրթական յատուկ նպատակներու: Իրաւաբանական եւ հաշուապահական օրինական բոլոր ծախսերը վճարելէ ետք պիտի ներկայացուի վերջնական պատկերը: Բարերարուհին մօտէն կը հետեւի այս կարեւոր աշխատանքներուն:

Հայկական անձնանուններ

Հայ ազգի արժանիքներին լաւածանօթ և նրա արժէքներով հպարտ հայ ծնողի համար մեծ նշանակութիւն ունի իր գալիք սերնդի հայապահպանման գործընթացը, մասնաւորաբար սփիւռքեան պայմաններում:
Ուստի, այս ուղղութեամբ նորամանկան սպասող ընտանիքներին օժանդակելու նպատակով է, որ օգտւելով հայկական եւ եւրոպական տարբեր աղբիւրներից, Թեհրանի Ազգային Առաջնորդարանի կայքէջի վրայ է տեղադրւում Հայկական անձնանունների ցանկը:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՁՆԱՆՈՒՆՆԵՐ