Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Ա. Կաթողիկոսի բարձր հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայրավանքին մէջ գումարուած Ազգային Ընդհանուր Ժողովը եռօրեայ բեղուն գործունէութեամբ աւարտին հասաւ, եզրափակելով Կիլիկեան Սուրբ Աթոռի բազմերես ծառայութեան ճամբով վերարժեւորման ենթարկելով իր իրականացուցած գործունէութիւնը եւ կատարած իրագործումները, ազգային-հոգեւոր ծաղկման, Սփիւռքի ամրապնդման, հայակերտումի, ազգակերտումի ու հայրենակերտումի:
Ազգային Ընդհանուր Ժողովի երրորդ օրուան երկրորդ կիսուն, Ուրբաթ, 9 Դեկտեմբեր 2022-ին, պատգամաւորները Ժողովին ներկայացուցին թեմերէն եկած իրենց առաջարկները, ինչպէս նաեւ լսեցին, քուէարկեցին ու վաւերացուցին բանաձեւի, ընտրական ու տնտեսական յանձնախումբերու զեկոյցները, ընտրեցին յառաջիկայ քառամեակին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովները եւ աւարտին լսեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին պատգամը։
Սոյն թւականի նոյեմբերի 24-ին «Շանթ-Մարիամեան» դպրոցի սրահում, Կրթական խորհրդի նախաձեռնութեամբ կազմակերպւել էր խորհրդատւական-տեղեկատւական հանդիպում՝ 8-րդ եւ 9-րդ դասարանների աշակերտների եւ նրանց ծնողների համար «Ծանօթացում 10-րդ դասարանի ուսումնական ճիւղերի հետ» թեմայով՝ ( و هشتم هدایت تحصیلی و تعیین رشته پایه نهم):
Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Ազգային Ընդհանուր Ժողովը Ուրբաթ, 9 Դեկտեմբերին աւարտեց իր աշխատանքները։
Ազգային Ընդհանուր Ժողովը իր եռօրեայ աշխատանքներուն երկրորդ օրը, յետ Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու տեղեկագիրներու զեկուցման եւ քննարկման, տրամադրեց Սփիւռքի վերակազմաւորման առնչուած հրատապ թեմաներու։ Այս գծով արծարծուեցան հետեւեալ նիւթերը.- ընտանիք, հայակերտում, երիտասարդութիւն, Հայաստանի եւ Արցախի հզօրացման մասնակցութիւն եւ Սփիւռքի վերակազմակերպում։ Իւրաքանչիւր նիստի աւարտին կատարուեցան լայն քննարկումներ եւ ներկայացուեցան առաջարկներ, որոնք ուղեգիծ պիտի ըլլան 2023 տարուան Սփիւռքի վերակազմակերպման նուիրուած Վեհափառ Հայրապետին հռչակագիրին, ինչպէս նաեւ որդեգրուին նորընտիր Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան յառաջիկայ քառամեայ գործունէութեան մէջ։
«Հայ եկեղեցւոյ վերանորոգումը, մարդուժի պատրաստութիւնը, արժէքներու վերաշեշտումը, Սփիւռքի վերակազմակերպումը, Լիբանանի եւ Սուրիոյ գաղութներու զօրակցութիւնը, Հայաստանի եւ Արցախի հզօրացման մասնակցութիւնը պէտք է մնան առաջնահերթութիւն»
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, 7-9 Դեկտեմբեր 2022-ին, Կաթողիկոսանիստ Մայրավանքին մէջ տեղի պիտի ունենայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովը:
Այսու մեր հաւատացեալ ժողովրդի սիրելի զաւակներին յայտնում ենք, որ յառաջիկայ երկուշաբթի դեկտեմբերի 12-ին տօնն է Ս. Մինասի: Ս. Մինասի տօնը համընկնում է Վանաքի Ս. Մինաս եկեղեցու անւանակոչութեան տօնին:
«Ա. Աւետիսեան» ազգային բուժարանի Խնամակալ մարմնի աշխատանքների շարանում՝ երեքշաբթի, թւականիս նոյեմբերի 29-ին, փորձառու ակնաբոյժ դոկտ. Դանիէլեանը տիկին Նազարեանի հետ միասին այցելեցին «Էլպիս Ֆերահեան» ազգային մանկապարտէզ եւ զննեցին մանկապարտէզի սաների տեսողութիւնը:
Կիրակի, թւականիս նոյեմբերի 27-ին, Հ.Մ.Մ. «Նայիրի» միութեան «Զարթօնք» սրահում, Թ.Հ.Թ. Թեմական խորհրդի հովանաւորութեամբ, Կրթական խորհրդի հրաւէրով, կազմակերպւեց խորհրդակցական հանդիպում՝ Թեհրանի հայոց դպրոցների ազգութեամբ հայ եւ պարսիկ տեսուչների եւ հայ փոխտեսուչների հետ: